ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր»․- Վանի Գիւրփընար շրջանի Աքպոյու թաղամասին մէջ գտնուող հայկական Սուրբ Կոյսեր մենաստանը շարունակաբար կը քանդուի բնական աղէտներու եւ գանձախոյզներու յարձակումներուն պատճառով։
Ըստ Վանի «Եուզունճու Եըլ» համալսարանի դասախօս Մեհմեթ Թոփի՝ վանական համալիրը յատկապէս լուրջ վնասներ կրած է 1648-ի Վանի երկրաշարժէն։ Թուրք փրոֆեսէօրին վկայութեամբ՝ այս համալիրը Վանի մէջ գտնուող քրիստոնէական եւ յատկապէս հայկական ճարտարապետութեան բազմաթիւ օրինակներէն մէկն է։ Իր գոյութեան ընթացքին, կառոյցը ծառայած է մեծ մասամբ իբրեւ կուսանոց, որմէ ծագած է վանական համալիրին անունը։
Յայտնի է, որ մինչեւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, այսինքն՝ մինչեւ վերջնականապէս բախտի քմահաճոյքին ձգուիլը, համալիրին մէջ կը բնակէին 200-300 կոյսեր։