1896-ի Վանի ինքնապաշտպանութիւնը կը ներկայացնէ հայ ազգային ազատագրական պայքարի փայլուն էջերէն մէկը: Առանց 1896-ի ինքնապաշտպանութեան, վանեցիները պիտի չկերտէին 1915-ի Ապրիլեան Հերոսամարտը, որուն շնորհիւ աւելի քան քառորդ միլիոն հայեր փրկուեցան Ցեղասպանութենէն : Վան քաղաքի եւ Վանի նահանգի գիւղերու հայ բնակչութեան դիմադրական մարտերը եւ ինքնապաշտպանութիւնը թուրք ջարդարարներու դէմ, համիտեան կոտորածներու ժամանակ կազմակերպեցին քաղաքին մէջ գործող ազգային կուսակցութիւններու ղեկավարներ Մինաս Աւետիսեանը (Թերլեմեզեան, Արմենական), Մարտիկը (Մարտիրոս Սարուխանեան, Հնչակեան) եւ Պետօն (Ալեքսանտր Պետրոսեան, Դաշնակցական):
Մարտերը հիմնականին մէջ տեղի ունեցան Վանի Այգեստան թաղամասին մէջ: Քաղաքը բաժնուած էր չորս պաշտպանական շրջաններու: Ինքնապաշտպանութեան խումբերուն մաս կը կազմէին մօտաւորապէս հազար երիտասարդներ, որոնց մօտ հազիւ գտնուէր 500 հրացան: Վանեցիներուն օգնութեան հասան Վազգենի (Տէրոյեան) եւ Ներսէսի (Գ. Պոզիկեան)ի հայդուկային խումբերը: Հակառակորդը կեդրոնացուցած էր աւելի քան տասը հազար զինուոր՝ զինուած արդիական զէնքերով եւ հրետանիով: Դիմադրական բախումները սկսան 3 Յունիսին: Յոյսը դնելով թուային առաւելութեան եւ հրազէնի վրայ, թշնամին կը փորձէր ճեղքել վանեցիներու ինքնապաշտպանութիւնը: Սակայն հանդիպելով հայերու հուժկու դիմադրութեան,թշնամին զգալի կորուստներ կրելով նահանջեց: Հայերը հակայարձակողականի ընթացքին յաջողեցան գրաւել երկու թնդանօթ: Դժբախտաբար զէնքի եւ զիմամթերքի խիստ պակասը ինքնապաշտպանութեան ղեկավարներուն ստիպեց համաձայնիլ Բրիտանիոյ հիւպատոսին եւ թեմական առաջնորդ Սահակ Բագրեւանդացիի առաջարկութեանը՝ դադրեցնելու դիմադրութիւնը: Թրքական իշխանութիւնները մարտիկներուն արտօնեցին դուրս գալ քաղաքէն եւ հեռանալ Պարսկաստան: 8 Յունիսի դրութեամբ 1500 մարդ հեռացաւ Վանէն: Պարսկաստանի ճանապարհին վրայ անոնց վրայ յարձակեցան քիւրտ եւ թուրք զինեալներ: Յամառ բախումներէ ետք անոնցմէ միայն քսանը հասաւ Սալմաստ: Մնացեալները, որոնց մէջ Արմենական գործիչ Մինաս Աւետիսեանը նահատակուեցան այդ ճանապարհին վրայ: Նոյն ճակատագիրին արժանացան Մարտիկի եւ Պետոյի խումբերը: Հայ ֆետայիններուն հեռացումէն ետք, թրքական բանակը անարգել խուժեց Վան եւ կոտորեց խաղաղ բնակչութիւնը: Թուրքերը կողոպտեցին ու հրկիզեցին հայերու բնակարանները, եկեղեցիները, դպրոցները: Վանի եւ անոր շրջակայ գիւղերուն մէջ կոտորուեցան աւելի քան քսան հազար հայեր:
1896-ի գարնան ճգնաժամային օրեր կ’ապրէր Վանը: Հակասական լուրեր կը լսուէին քաղաքին մասին: Էրզրում նահանգի եւ Պիթլիսի կոտորածներէն ետք, քրտական վոհմակներ իրենց հետաքրքրութիւնը շեղած էին Վանի մերձակայ գիւղերուն վրայ: Նահանգապետ ՆԱզըմ փաշային արշաւը սկսելու հրահանգ տրուած էր Պոլիսէն: Վերջինս համեմատաբար խղճաբարոյ անձնաւորութիւն մը ըլլալով, յաջողեցաւ չորս ամիս ուշացնել հրահանգին գործադրութիւնը: Սակայն արձակուած էր վճիռը:: Սուլթան Համիտին համար անհանդուրժելի էր Ռուսիոյ սահմանակից երկու նահանգներու՝ Էրզրումի եւ Վանի հայերուն կեդրոնացումը եւ յատկապէս անոնց շրջահայեաց կեցուածքը:
Եւ ահա Վան կ’արշաւէր Սաատէտտին փաշան՝ սուլթանական հրամանը գործադրելու նպատակով: Մինաս Աւետիսեան, Պետօ եւ Մարտիկ գերագոյն ճիգերու կը դիմեն ժողովուրդին ինքնապաշտպանութեան համար: Մինաս Աւետիսեան հանգանակութիւն մը կը կազմակերպէ քաղաքին մէջ: Պարսկաստանէն զէնք փոխադրելու կը տրամադրէ հասոյթը: Այս գործողութեան կը մասնակցի Արմենակ Եկարեանը: Դժբախտաբար ծրագիրը ձախողի՝ մատնութեան պատճառով:
Սաատէտտին փաշա յարձակումի կ’անցնի 3 Յունիսին: Վանեցիներու յամառ դիմարութիւնը կը վիժեցնէ անոր յաղթական մուտքը Վան: 3 Յունիսէն մինչեւ 10 Յունիս երկարող հայ-թրքական բախումներուն ընթացքին հայկական կողմը ունեցաւ հարիւրաւոր զոհեր, նիւթական ծանր կորուստներ: Կորուստը ծանր էր յատկապէս յարձակումին առաջին եւ վերջին օրը: Երբ թուրքերը յարձակեցան, հայերը անտեղեակ էին, իսկ վերջին օրն ալ՝ գոյացած համաձայնութեամբ, երբ հայ ազատամարտիկները դուրս եկան քաղաքէն, Սաատէտտին փաշա օր մը ուշացուց խաղաղութեան պաշտօնական յայտարարութեան հռչակումը, որպէսզի բանակը շարունակէ ռմբակոծումները, կողոպուտն ու ոճիրները: Կռիւին չորրորդ օրը, Սաատէտտին փաշա եւ անգլիացի հիւպատոս Մորկըն Ուիլիըմ տեսնելով հայերու անխորտակելի դիմադրութիւնը, նախազգուշանալով որ դիմադրութիւնը կրնայ երկարիլ եւ առիթ ընծայել սահմանակից ռուսական բանակին միջամտութեան, հնարամտօրէն կը դիմեն Ֆրանսայի, Գերմանիոյ եւ այլ հիւպատոսներու միջամտութեան: Սաատէտտին ներման հրամանագիր մը կը բերէ Իսթանպուլէն: Ժամանակաւոր խաղաղութիւն կը վերահաստատուի Վանի մէջ:
Հաւաքական այս միջնորդութեան վստահելով հայ ռազմիկները զինքերը վար կ’առնեն եւ հիւպատոսներու երաշխիքներուն վստահելով կը խոստանան հեռանալ Թուրքիոյ սահմաններէն: Մինաս Աւետիսեան, Պետօ եւ Մարտիկ սկիզբը կը մերժեն զինաթափուելու առաջարկը: Այստեղ անգլիացի հիւպատոսը կ’ունենայ տխուր դերակատարութիւն մը: Ուսումով թնդանօթաձիգ մը ըլլալով, իբրեւ դիւանագէտ՝ ան «բարեկամական» այցելութիւն մը կու տայ հայկական թաղամասերը եւ ծածուկ կ’ուսումնասիրէ հայկական դիրքերը: Վերադառնալէ անմիջապէս ետք, թուրք զինուորականի ֆէսը դրած, թնդանօթներուն գլուխը անցնելով կը ռմբակոծէ հայկական թաղամասերու յիշեալ դիրքերը: Նկատի ունենալով, որ հայ ռազմիկներուն փամփուշտներու պաշարը առաւելագոյնը երկու կամ երեք օր կրնար դիմանալ, Մինաս Աւետիսեանի տան մէջ տեղի կ’ունենայ ժողով մը: Ժողովին կը ներկայացուին գոյանալիք համաձայնութեան պայմանները:
Դաժան ճակատագիր կը սպասէր Վանէն հեռացող Մինաս Աւետիսեանին, Պետոյին եւ Մարտիկին: Քաղաքէն հեռացած ռազմիկները ճանապարհի վրայ կռուի կը բռնուին եւ կ’իյնան: Թէ Մինաս Աւետիսեանի եւ թէ Պետօ- Մարտիկի խումբերը կը հետապնդուին քիւրտերէն:Անոնց դէմ բախումները կը շարունակեն մինչեւ իրենց վերջին փամփուշտը: Մինաս Աւետիսեան կ’իյնայ Սուրբ Բարթողիմէոսի լեռնադաշտին բարձունքներուն վրայ: Անոր զինակիցներէն միայն երեսուն հոգի կը հասնին Սալմաստ: Իսկ Մարտիկ եւ Պետօ կ’իյնան Քարահիսար լերան վրայ: Անոնց խումբէն ոչ ոք կ’ազատի: Հայ ազատամարտիկներու մեկնումէն ետք թուրքերը խուժեցին Վան: Անզէն բնակիչները ենթակայ դարձան թուրքերու եւ քիւրտերու յարձակումներուն: Կողոպտուեցան եւ այրուեցան նահանգին բոլոր նշանաւոր վանքերը: Հազարաւոր հայեր գաղթեցին Պրսկաստան:
Արմենական գործիչ, ուսուցիչ եւ բանաստեղծ Յովհաննէս Գուլօլեան, Մինաս Աւետիսեանի եւ անոր հետ կռուի դաշտին վրայ ինկած հայ նահատակներու յիշատակին նուիրեց երգ մը, որ մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէր օրին: Երգին մէջ ի միջիայլոց կ’ըսուէր.
Մի լար, մայրիկ, մի լար, հայր իմ, մի լար, քոյր, եղբայր սիրելիք.
Հայրենիքի Դատին համար մենք հոս ինկանք միասին:
Խօսքով ըսին իրաւացի է Հայերուն այս բողոք,
Սակայն գործով հակասեցին մեր դատաւորք անողոք…:
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ