ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ – ՊԱՅՔԱՐ 179
1896-ի Վանի ինքնապաշտպանութիւնը կը ներկայացնէ հայ ազգային ազատագրական պայքարի փայլուն էջերէն մէկը: Վանը իր դիրքին եւ հեռաւորութեան պատճառով, մասամբ զերծ մնացած էր 1895-ի կոտորածներէն, բայց այս իրողութիւնը չէր նշանակեր, թէ պիտի չբաժնէր հայութեան ճակատագիրը: Առանց 1896-ի ինքնապաշտպանութեան, վանեցիները պիտի չկերտէին 1915-ի Ապրիլեան Հերոսամարտը, որուն շնորհիւ աւելի քան քառորդ միլիոն հայեր փրկուեցան Ցեղասպանութենէն:
Վան նահանգի գիւղերուն եւ քաղաքի հայ բնակչութեան դիմադրական մարտերը եւ ինքնապաշտպանութիւնը թուրք ջարդարարներու դէմ, համիտեան կոտորածներու ժամանակ ղեկավարեցին քաղաքին մէջ գործող հայ քաղաքական կուսակցութիւններու ղեկավարներէն՝ Մկրտիչ Աւետիսեանը ( Թերլեմեզեան, Արմենական), Մարտիկը (Մարտիրոս Սարուխանեան, Հնչակեան) եւ Պետօն( Ալեքսանտըր Պետրոսեան, Դաշնակցական): Անոնք ՝ լուր եւ համեստ պայմաններու տակ, կարճ ժամանակամիջոցի մէջ, կազմակերպեցին Վանի հերոսական ինքնապաշտպանութիւնը:
Ականատեսները կը վկայեն, թէ Մկրտիչ Աւետիսեանի բնակարանը դարձած էր ժողովներուն եւ խորհրդակցութիւններուն կեդրոնատեղին: Ան, սերտ յարաբերութիւններ ունէր շրջանի մտաւորականութեան,երիտասարդութեան եւ ազգային պաշտօնական անձնաւորութիւններու հետ:
1896-ի գարնան ճգնաժամային օրեր կ’ապրէր Վանը: Հակասական լուրեր կը լսուէին քաղաքին մասին: Էրզրում նահանգի եւ Պիթլիսի կոտորածներէն ետք, թրքական եւ քրտական վոհմակներ իրենց հետաքրքրութիւնը շեղած էին Վանի մերձակայ գիւղերուն վրայ: Նահանգապետ Նազըմ փաշային արշաւը սկսելու հրահանգ տրուած էր Պոլիսէն: Վերջինս համեմատաբար խղճաբարոյ անձնաւորութիւն մը ըլլալով յաջողեցաւ չորս ամիս ուշացնել հրահանգին գործադրութիւնը: Սակայն վճիռը արձակուած էր: Սուլթան Համիտին համար անհանդուրժելի էր Ռուսիոյ սահմանակից երկու նահանգներու՝ Էրզրումի եւ Վանի հայերուն կեդրոնացումը եւ յատկապէս անոնց շրջահայեաց կեցուածքը:
Եւ ահա Վան կ’արշաւէր Սաատէտտին փաշան՝ սուլթանական հրամանը գործադրելու վճռականութեամբ: Մկրտիչ Աւետիսեան գերագոյն ճիգերու կը դիմէ ժողովուրդին ինքնապաշտպանութեան համար: Ան հանգանակութիւն մը կը կազմակերպէ քաղաքին մէջ եւ Պարսկաստանէն զէնք փոխադրելու կը յատկացնէ անոր հասոյթը: Այս գործողութեան կը մասնակցի Արմենակ Եկարեանը:
Վան քաղաքը բաժնուած էր չորս պաշտպանական շրջաններու: Մարտերը հիմնականին մէջ տեղի կ’ունենան Վանի Այգեստան թաղամասին մէջ: Ինքնապաշտպանութեան խումբերուն մաս կը կազմէին մօտաւորապէս հազար երիտասարդներ, որոնց մօտ հազիւ գտնուէր 500 հրացան: Հակառակորդը կեդրոնացուցած էր աւելի քան տասը հազար բանակային՝ զինուած արդիական զէնքերով եւ հրետանիով: Դիմադրական բախումները սկսան 3 Յունիսին: Յոյսը դնելով թուային առաւելութեան եւ հրազէնի առատութեան վրայ, թշնամին կը փորձէր ճեղքել վանեցիներուն ինքնապաշտպանութիւնը: Սակայն հանդիպելով հայերու հուժկու դիմադրութեան,թշնամին զգալի կորուստներ կրելով կը նահանջէ: Հայերը հակայարձակողականի ընթացքին կը յաջողին գրաւել երկու թնդանօթ: Հայերու հուժկու դիմադրութիւնը մտահոգութիւն կը պատճառէ Սուլթան Ապտիւլ Համիտին եւ Բրիտանիոյ հիւպատոսին:
Բախումներուն չորրորդ օրը, Սաատէտտին փաշա եւ անգլիացի հիւպատոս Մորկըն Ուիլիըմ տեսնելով հայերու անխորտակելի դիմադրութիւնը, նախազգուշանալով որ դիմադրութիւնը կրնայ երկարիլ եւ առիթ ընծայել սահմանակից ռուսական բանակին միջամտութեան, հնարամտօրէն կը դիմեն Ֆրանսայի, Գերմանիոյ եւ այլ հիւպատոսներու միջամտութեան: Սաատէտտին ներման հրամանագիր մը կը բերէ Իսթանպուլէն: Ժամանակաւոր խաղաղութիւն կը վերահաստատուի Վանի մէջ:
Շաբաթ մը երկարող բախումներուն ընթացքին հայութիւնը կը յաջողի պաշտպանել իր դիրքերը, թշնամիին պատճառելով ծանր կորուստներ: Սաատէտտին նենգօրէնկը դիմէ քիւրտերու օգնութեան: Այստեղ անգլիացի հիւպատոսը կ’ունենայ տխուր դերակատարութիւն մը: Ուսումով թնդանօթաձիգ ըլլալով, իբրեւ դիւանագէտ՝ ան «բարեկամական» այցելութիւն մը կու տայ հայկական թաղամասերը եւ ծածուկ կ’ուսումնասիրէ հայկական դիրքերը: Վերադառնալէ անմիջապէս ետք, թուրք զինուորականի ֆէսը դրած, թնդանօթներուն գլուխը անցնելով կը սկսի ռմբակոծել հայկական թաղամասերու յիշեալ դիրքերը:
Դժբախտաբար զէնքի եւ զիմամթերքի խիստ պակասը ինքնապաշտպանութեան ղեկավարներուն պիտի ստիպէր համաձայնիլ դիմադրութիւնը դադրեցնելու Բրիտանիոյ հիւպատոսին եւ թեմական առաջնորդ Սահակ Բագրեւանդացիի միջնորդութեան: Նենգ հիւպատոսը, իբրեւ բանագնաց հաշտութեան կէտեր կը ներկայացնէ հայերուն եւ թուրքերուն: Ան՝ յանուն արեւմտեան պետութիւններուն կ’երաշխաւորէր վերջ դնել թրքական ներխուժումին, այն պայմանով, որ՝ Վանի ինքնապաշտպանութիւնը կազմակերպող պարագլուխները անձնատուր դառնային թրքական իշխանութիւններուն: Իր կարգին, ան կը կը խոստանար զանոնք ապահով միջոցներով փոխադրել արտասահման: Երկրորդ՝ հայերը զինաթափ պիտի ըլլային եւ զէնքերը յանձնէին հիւպատոսին..:
Մինաս Աւետիսեանի բնակարանին մէջ համախմբուած հայերը պատասխանեցին,թէ իրենք ապստամբներ չեն, այլ՝ ինքնապաշտպանութեան դիմած խաղաղ բնակիչներ: Հայերը նաեւ պահանջեցին, որ բանակցութիւններուն մասնակցին Ռուսիոյ եւ Պարսկաստանի հիւպատոսները: Մկրտիչ Աւետիսեան եւ ընկերներ համոզուեցան, թէ բանակցութիւնները պարզապէս ժամանակ շահելու խաղեր են: Թուրքերը վճռած էին թնդանօթներու միջոցով ջախջախել ինքնապաշտպանութեան դիրքերը: Ռուսիոյ եւ Պարսկաստանի ճնշումներուն տակ բանակցութիւններու նոր հանգրուան մը կը սկսի: Հաւաքական այս միջնորդութեան վստահելով, հայ ռազմիկները զէնքերը վար կ’առնեն եւ հիւպատոսներու երաշխիքներուն վստահելով կը խոստանան հեռանալ Թուրքիոյ սահմաններէն: Անոնք պիտի լքէին Վանը եւ անցնէին Պարսկաստան: Թրքական իշխանութիւնները մարտիկներուն պիտի արտօնէին քաղաքէն դուրս գալ եւ հեռանալ Պարսկաստան:
8 յունիսի դրութեամբ՝ 1500 մարդ հեռացաւ Վանէն: Սաատէտտին փաշա օր մը ուշացուց խաղաղութեան պաշտօնական յայտարարութեան հռչակումը, որպէսզի բանակը շարունակէ ռմբակոծումները, կողոպուտն ու ոճիրները:
Հայ ֆետայիններուն հեռացումէն ետք, թրքական բանակը անարգել խուժեց Վան եւ կոտորեց խաղաղ բնակչութիւնը: Թուրքերը կողոպտեցին ու հրկիզեցին հայերու բնակարանները, եկեղեցիները, դպրոցները: Վանի եւ անոր շրջակայ գիւղերուն մէջ կոտորուեցան աւելի քան քսան հազար հայեր: Անզէն բնակիչները ենթակայ դարձան թուրքերու եւ քիւրտերու յարձակումներուն: Հազարաւոր հայեր գաղթեցին Պարսկաստան: Ջարդարարները կոտորեցին շուրջ քսան հազար հայ:
Դաժան ճակատագիր կը սպասէր Վանէն հեռացող հայկական ջոկատներուն, Մկրտիչ Աւետիսեանին, Պետոյին եւ Մարտիկին: Քաղաքէն հեռացող ռազմիկները ճանապարհին վրայ կը պաարուին, կռուի կը բռնուին եւ կը նահատակուին: Ոմանք կը հետապնդուին քիւրտերէն: Ոմանք ինքնապաշտպանութիւնը կը շարունակեն մինչեւ իրենց վերջին փամփուշտը: Մկրտիչ Աւետիսեան հերոսաբար կ’իյնայ Սուրբ Բարթողիմէոսի լեռնադաշտին բարձունքներուն վրայ: Ուրիշներ կ’ինան Քարահիսար լերան վրայ: Նոյն ճակատագիրին կ’արժանանան Պետօն եւ Մարտիկը: Ոմանց կարծիքով, անոնց աճիւնը կը գտնուի Բարթողիմէոս Առաքեալի դաշտին մէջ: Այնտեղ կը գտնուի նաեւ Մկրտիչ Աւետիսեանի գերեզմանը: Հայկական ջոկատներէն միայն երեսունը կը հասնի Սալմաստ, Պարսկաստան:
Արմենական գործիչ, ուսուցիչ եւ բանաստեղծ Յովհաննէս Գուլօլեան, Մկրտիչ Աւետիսեանի եւ անոր հետ կռուի դաշտին մէջ ինկած հայ նահատակներուն յիշատակին նուիրած է երգ մը, որ օրին մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէր: Երգին մէջ ի միջիայլոց կ’ըսուէր.
Մի լա’ր, մայրիկ, մի լա’ր, հայր իմ, մի լա’ր, քոյր, եղբայր սիրելիք.
Հայրենիքի Դատին համար մենք հոս ինկանք միասին:
Խօսքով ըսին իրաւացի է Հայերուն այս բողոք,
Սակայն գործով հակասեցին մեր դատաւորք անողոք…: