Հակառակ ոմանց կողմէ դրուած գրաւին, թէ վառելանիւթին տրամադրուած պետական նպաստին ջնջուելէն ետք պենզինի եւ մազութի տագնապները պիտի լուծուին, այդ տագնապները չեն լուծուած եւ կը յամենան:
Մազութի տագնապը շատ աւելի սուր բնոյթ ստացած է` մութի մատնելով Լիբանանը:
Մութի մատնուելու եւ ելեկտրականութիւն չունենալու շրջագիծին մէջ երէկ յետմիջօրէին ալրաղացներու համախմբումը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ վեց ալրաղացներ անցեալ շաբթուընէ արդէն իսկ կասեցուցած են իրենց աշխատանքը` մազութ չստանալու պատճառով, եւ կը նախատեսուէր, որ երէկ մնացեալ ալրաղացները կասեցնէին իրենց աշխատանքը:
Այս կը նշանակէ նաեւ յաւելեալ տագնապի մը` հացի տագնապին դէմ յանդիման գտնուիլ:
Նշենք, որ ուժանիւթի նախարարութեան
հրապարակած վառելանիւթի նոր
սակացոյցին համաձայն, 98 օքթան պենզինի
թիթեղին սակը վերածուեցաւ 209.300 լ. ոսկիի, 95 օքթան պենզինը` 202.400 լ. ոսկիի, իսկ պիւթակազին շիշին սակը դարձաւ 131.200 լ. ոսկի` ընկերութենէն, իսկ 139.700 լ. ոսկի` վաճառատուներէն:
Նախարարութեան կողմէ վառելանիւթի սակը ճշդուած է մէկ տոլարի դիմաց 14.000 լ. ոսկիի սակին համաձայն:
Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ուալիտ Ֆայեատ խստիւ քննադատեց եւ մերժեց կարգ մը կայարաններու վարուելակերպը, այլ խօսքով` ճշդուած նոր սակին հիման վրայ պենզին վաճառելու զլացումը:
Ան խստիւ դատապարտեց պենզինի վաճառքին համար ստեղծուած սեւ շուկայի դրութիւնը:
«Կայարաններուն կողմէ իրենց մեքենաներուն հաշուիչները պենզինի նոր սակին համեմատ լարելու աշխատանքը յարգելով հանդերձ, կը հաստատեմ, որ այս որոշումը կայարաններուն համար անակնկալ չէր, հետեւաբար պէտք է խնայել քաղաքացիները, որոնք հերթերու կանգնած են` ստանալու համար կենսական այս նիւթը», շեշտեց Ֆայեատ եւ զգուշացուց կայարանները քաղաքացիներուն շահերը հարուածող այս վարուելակերպը շարունակելէ:
Ան ընդգծեց, որ ինք պիտի չվարանի կայարաններուն դէմ պատժամիջոցներ որդեգրելէ, նոյնիսկ անոնց արտօնագիրները խլելէ:
Յայտնենք, որ Լիբանանի օժանդակ երկիրներու խմբաւորումը ողջունեց Լիբանանի կառավարութեան կազմութիւնը եւ հաստատեց Լիբանանի ու լիբանանցիներուն զօրակցելու իր պատրաստակամութիւնը:
Խմբաւորումը ողջունեց Լիբանանի նորակազմ կառավարութեան տրուած վստահութեան քուէն եւ կոչ ուղղեց լիբանանցի պատասխանատուներուն արագ շարժելու` մեղմացնելու համար լիբանանցիներուն տնտեսական եւ ընկերային բեռը, պատրաստուելու թափանցիկ եւ պարկեշտ երեսփոխանական ընտրութիւններու, ինչպէս նաեւ բարեկարգումները գործադրելու:
Նշենք, որ Լիբանանի օժանդակ երկիրներու խմբաւորումին մաս կը կազմեն Չինաստանի, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Իտալիոյ, Ռուսիոյ, Բրիտանիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնները, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ը, Եւրոպական Միութիւնն ու Արաբական լիկան: