Վառելանիւթի գնման նպատակով տրամադրուած պետական նպաստը ջնջելու որոշումը արդէն իսկ անցած է գործադրութեան փուլ, իսկ պահեստի առումով երկիրը հասած է կարմիր գիծին: Լիբանանի վառելանիւթի պահեստը մինչեւ յառաջիկայ երեքշաբթի օր պիտի բաւէ, որմէ ետք տագնապը աւելի եւս պիտի ամրապնդուի:
Այս շրջագիծին մէջ Լիբանանի մէջ գործող վառելանիւթի կայարաններու սեփականատէրերու սենտիքայի անդամ Սամի Պրաքս յայտնեց, թէ պետութեան կողմէ վառելանիւթի գնման նպատակով տրամադրուած նպաստը վերջ գտած է` աւելցնելով, որ այս իմաստով Կեդրոնական դրամատունը նոր հաշիւներ չի բանար` վառելանիւթի յաւելեալ նաւեր ներառելու:
Պրաքս յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ գտնուող վառելանիւթը մինչեւ սեպտեմբերի կէս կը բաւէ երկրին կարիքները գոհացնելու` նկատել տալով, որ նպաստը լրիւ դադրելու պարագային պենզինի թիթեղին սակը պիտի հասնի 300 հազար լ. ոսկիի:
Պրաքս յայտնեց, որ վառելանիւթի ներածումը ազատականացնելէ ետք մազութի տագնապը պիտի լուծուի` աւելցնելով, որ ներկայ տագնապը ուղղակի պենզինի տագնապ է, որովհետեւ անոր ներածումը կը կատարուի ամերիկեան տոլարին դիմաց 8000 լ. ոսկիի սակին հիման վրայ:
Միւս կողմէ, Ցամաքային փոխադրութեան սենտիքաներու համադաշնակցութեան նախագահ Պասսամ Թլայս երէկ յայտնեց, որ ցամաքային փոխադրութեան սակը սեւ շուկայի հիման վրայ կը ճշդուի` յոյս յայտնելով, որ պետութեան կողմէ յստակ ճշդումներ կը կատարուին այս իմաստով, որպէսզի կարելի ըլլայ նոր սակերը ճշդել եւ յստակ սակացոյց մը հրապարակել:
Թլայս մաղթեց, որ հանրապետութեան նախագահն ու վարչապետը, նախքան սեպտեմբերի աւարտը հրապարակեն շրջաբերական մը, որպէսզի ըստ այնմ որոշումներ տրուին:
Թլայս յայտնեց, որ եթէ որոշուի պենզինի թիթեղը վարորդներուն 100 հազար լ. ոսկիով վաճառել, ապա ինքնաշարժով հանրային փոխադրութեան սակը պիտի ըլլայ 10 հազար լ. ոսկի, իսկ եթէ մազութի թիթեղը վարորդներուն 70 հազար լ. ոսկիով վաճառուի, ապա հանրակառքով հանրային փոխադրութեան սակը պիտի ըլլայ 5 հազար լ. ոսկի: