Ցամաքային փոխադրութեան սենտիքաներու համադաշնակցութեան նախագահ Պասսամ Թլայս երէկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ եթէ կացութիւնը այս ձեւով շարունակուի, ապա պենզինի թիթեղին սակը 200 հազար լ. ոսկիի պիտի բարձրանայ` աւելցնելով, որ քաղաքացիները անկարող պիտի ըլլան փոխադրամիջոցներ օգտագործելու:
Թլայս նշեց, որ լիբանանեան տարբեր շրջաններուն մէջ ցամաքային փոխադրութեան սակը տարբեր է` աւելցնելով, որ յստակ սակ չկայ ցարդ:
Թլայս յայտնեց, որ համադաշնակցութիւնը վաղը` չորեքշաբթի, 7 յուլիս 2021-ին, պիտի կատարէ ընդհանուր գործադուլ մը, որուն շրջագիծին մէջ Թլայս կոչ ուղղեց բոլորին իրենց ինքնաշարժներն ու փոխադրատարները կանգնեցնելու ճամբուն մէջտեղ` կասեցնելու համար երթեւեկը:
Աւելի ուշ, Թլայս ընդգծեց, որ չորեքշաբթի օրուան գործադուլը ջնջուած է` աւելցնելով, որ այսօր հանդիպում մը պիտի կատարուի վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապի հետ` քննարկելու համար փոխադրութեան մարզին պահանջները:
Թլայս յոյս յայտնեց, որ կարելի ըլլայ վարորդներուն համար ապահովել պետութեան կողմէ տրամադրուած նպաստով պենզին եւ մազութ:
Ան աւելցուց, որ չորեքշաբթի օր Տիապի հետ գումարուելիք հանդիպումին արդիւնքները համադաշնակցութիւնը պիտի քննարկէ հինգշաբթի, 8 յուլիս 2021-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, եւ ըստ այնմ պիտի որոշէ յառաջիկային առնուելիք քայլերը:
Նշենք, որ «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանը երէկ կէսօրէ ետք հաղորդեց, որ պենզինի տագնապը կը յամենայ` աւելցնելով, որ վառելանիւթի պահեստը միայն 7 օր կը բաւարարէ:
Իր կարգին, փուռերու սեփականատէրերու սենտիքայի նախագահ Ալի Իպրահիմ յայտնեց, որ երէկ փուռերուն դիմաց քաղաքացիները հաց գնելու համար կարգի չեն շարուած, որովհետեւ լիբանանեան բանակը կրցած է փուռերուն համար բաւարար մազութ ապահովել:
Միւս կողմէ, Լիբանանի աշակերտական խորհուրդը այսօր` երեքշաբթի, 6 յուլիս 2021-ին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարութեան դիմաց պիտի կատարէ բողոքի ցոյց մը, որուն պիտի մասնակցին աշակերտները, անոնց ծնողներն ու ուսուցիչները:
«Ուսանողական անհնազանդութիւն» կարգախօսը կրող ցոյցին ընթացքին անոնք կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարի պաշտօնակատար Թարեք Մաժզուպէն պիտի պահանջեն պրէօվէի պետական քննութիւնները չեղեալ նկատել:
– ԵՐԵԿՈՅԵԱՆ կրթութեան նախարարութիւնը ջնջեց պրէօվէի պետական քննութիւնները` աւելցնելով, որ առկայ պիտի պահէ միայն պաքալորէայի պետական քննութիւնները: