ՎԱՍՏԱԿԱՒՈՐՆԵՐ Հ.Մ.Ը.Մ. ՄԱՐԶԻԿ
❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖
ԴԱՆԻԷԼ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ
< 19 >
Հ.Մ.Ը.Մ.ի ճամբով իր բովանդակ կեանքը հայութեան եւ նորահաս սերունդներու դաստիարակութեան նուիրաբերած անձնազոհներէն մէկն է եղբ. Դանիէլ Դանիէլեան։ Ան ծնած է փոքր Ասիոյ Մարզուան քաղաքը, 1909-ին։ Հրաշքով կ՚ազատի Եղեռնէն ու ընտանեօք կը հաստատուի Պոլիս։ Հոն կը յաճախէ տեղւոյն Հինդլեան վարժարանը եւ կը մտնէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի շարքերը։
1922-ին, յոյն-թրքական պատերազմէն ետք կը փոխադրուի Սելանիկ։ Տակաւին ուսանող, եղբ. Դանիէլ մարմնամարզի հանդէպ մեծ սէր ունենալով՝ կը դառնայ վարպետ ֆութպոլիստ եւ պասքեթպոլիստ։
1928-ին, ան կ՚ընտրուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սելանիկի մասնաճիւղի վարչական։
1930-1936, եղբայր Դանիէլ մնայուն կերպով կը մասնակցի Յունաստանի ֆութպոլի ազգային խումբին մրցումներուն, պատիւ բերելով ո՛չ միայն իր անձին, այլեւ՝ հայութեան։
1936-ին, Պերլինի 11-րդ ողիմպիականին, յունական մարզական ֆետերասիոնին որոշումով, եղբ. Դանիէլ կ՚ըլլայ ողիմպիական ջահը պատմական Ողիմպիայէն Պերլին փոխադրող ջահագնաց մարզիկներէն մէկը։
Նոյն տարին, Աթէնք հաստատուելով, ան կ՚ընտրուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Յունաստանի Շրջանային Վարչութեան անդամ, ստանձնելով ատենադպիրի պաշտօն։
1946-ին, եղբ. Դանիէլ, եղբ. Համօ Մեհրապեանի հետ գործակցաբար, Աթէնքի մէջ կը հրատարակէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Մարմնամարզ» պարբերաթերթը։
1952-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Յունաստանի Շրջանային Վարչութեան կազմակերպութեամբ եւ եղբ. Դանիէլի պատասխանատու խմբապետութեամբ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Յունաստանի ֆութպոլի խումբը կ՚այցելէ Պէյրութ, Հալէպ եւ Դամասկոս ու տեղական Ա. դասակարգի խումբերու դէմ մրցելով՝ կ՚արձանագրէ պատուաբեր արդիւնքներ։
1967-ին, երկար տարիներ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Յունաստանի Շրջանային Վարչութեան մաս կազմելէ ետք, եղբ. Դանիէլ ընտանեօք կը փոխադրուի Գանատա։
1974-ին, Պէյրութի մէջ գումարուած Հ.Մ.Ը.Մ.ի Առաջին Պատգամաւորական Ժողովին, ան կ՚ընտրուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի անդրանիկ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ։
Ան կը մահանայ 9 Նոյեմբեր 1980-ին, Մոնթրէալ։
❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖
ԵՂԻՇԷ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ
< 20 >
Եղբ. Եղիշէ Մանուկեան ծնած է 1914-ին, Ատանա։ Փոքր տարիքին ան կը կորսնցնէ ծնողքը։ Մինչեւ 1919 կը մնայ Մերսինի որբանոցը։ Այնուհետեւ կը փոխադրուի Լիբանան, ուր նախակրթութիւնը կը ստանայ Աշքութի, ապա՝ Պէյրութի Քէլէքեան որբանոցներուն մէջ։
1926-ին ան կը ղրկուի Կիպրոս՝ Մելքոնեան կրթական հաստատութեան մէջ ուսանելու համար։
Փոքր տարիքէն ֆութպոլի սիրահար, 1930-ին ան արդէն ուշագրաւ ֆութպոլիստ է Կիպրոսի «Կայծակ» եւ Մելքոնեանի առաջին խումբերէն։
1931-ին, ան կը վերադառնայ Պէյրութ, անկէ կ’անցնի Դամասկոս, փնտռելու համար երեք եղբայրներն ու չորս մօրեղբայրները։ Կը գտնէ բոլորն ալ։ Այս շրջագայութեան ընթացքին ան կ’արձանագրուի Հ.Մ.Ը.Մ.ին եւ մուտք կը գործէ Հ.Յ.Դաշնակցութեան շարքեր։
Վերադառնալով Մելքոնեան, կրթութիւնը կ’աւարտէ 1932-ին։
Եղիշէ Մանուկեանի կեանքը Հ.Մ.Ը.Մ.ի մէջ կը սկսի 1932-ին, Դամասկոսի մասնաճիւղին մէջ եւ կը շարունակուի Պէյրութ, Պաղեստին եւ դարձեալ Պէյրութ։ Իբրեւ տոկուն յետսապահ, ան մաս կը կազմէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ֆութպոլի ախոյեան եւ բաժակակիր խումբերուն։ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ֆութպոլի խումբին հետ ան Լիբանանի ախոյեանութիւնը կը շահի 1943-ին, 1944-ին, 1945-ին եւ 1950-ին, բաժակը՝ 1943-ին եւ 1948-ին, Պէյրութի քաղաքապետութեան բաժակը՝ 1940-ին։
Եղիշէ Մանուկեան երիտասարդ տարիքէն մաս կը կազմէ միութեան վարչական կազմերուն։ Այսպէս, 1935-ին, Սուրիոյ եւ Լիբանանի Պատգամաւորական չորրորդ ժողովը զինք կ’ընտրէ Մերձաւոր Արեւելքի Շրջանային Վարչութեան անդամ։ 1937-ին ան կը փոխադրուի Հայֆա։ Շրջանային Վարչութիւնը առիթէն օգտուելով իրեն պարտականութիւն կու տայ վերակենդանացնել տեղւոյն մասնաճիւղը։ Ան ձեռնհասօրէն կը վերակազմէ ու կը մարզէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հայֆայի, Եաֆայի եւ Երուսաղէմի ֆութպոլի խումբերը, ինչպէս նաեւ կը կազմակերպէ շրջանի միջ-մասնաճիւղային առաջին խաղերը։
Պէյրութ վերադարձին, 1941-ին, Եղիշէ Մանուկեան կ’ընտրուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պէյրութի մասնաճիւղի անդամ՝ սկաուտական բաժինի ներկայացուցիչի պաշտօնով։ 1943-ին ան կրկին մաս կը կազմէ վարչութեան՝ այս անգամ մարզական պատասխանատուի հանգամանքով։
Փայլուն մարզիկ մը ըլլալու կողքին, Եղիշէ Մանուկեան կը հանդիսանայ հմուտ հրապարակագիր եւ գաղափարախօս։ Միաժամանակ, ան կ’ունենայ կրթական բեղուն գործունէութիւն՝ երկար տարիներով ծառայելով Դամասկոսի եւ Պէյրութի հայկական վարժարաններուն։
Միութենական եւ ազգային իր երկարամեայ նուիրեալ ու անշահախնդիր գործունէութեան առ ի գնահատանք, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը 14 Մայիս 1992-ին, զինք կը պարգեւատրէ միութեան «Արժանեաց» շքանշանով։
Եղբ. Եղիշէ Մանուկեան կը մահանայ 1994-ին։
❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖
ԵՐՈՒԱՆԴ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
< 21 >
Հ.Մ.Ը.Մ.ական կորովի եւ մտաւորական սերունդի ներկայացուցիչներէն մէկը կը հանդիսանայ եղբ. Երուանդ Տէմիրճեան։ Ան ծնած է 1931-ին, Տիգրանակերտ։ Տասը տարեկանին, ծնողքին հետ կը փոխադրուի Հալէպ, ուր կանուխէն կը նետուի ազգային կեանքի ասպարէզ, ստանձնելով պատասխանատու պաշտօններ։
Եղբ. Երուանդ փոքր տարիքին կ՚անդամագրուի Հ.Մ.Ը.Մ.ին, որ այնուհետեւ կէս դար կը դառնայ իր կեանքի ամէնէն հարազատ միջավայրը։ Ան կ՚ըլլայ սկաուտ, մարզիկ եւ վարչական։ Արգելարշաւի, մէկ քայլ ոստումի եւ հարիւր մեթր վազքի Սուրիոյ ախոյեան։
1963-ին եղբ. Երուանդ կը հաստատուի Լիբանան։ Մաս կը կազմէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղին եւ շրջան մը կը վարէ վարչութեան ատենապետութիւնը։ Ան մաս կը կազմէ նաեւ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան, իսկ 1986-1995՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան։
Եղբ. Երուանդ մեծ նուիրումով կը փարի Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի խմբագրական աշխատանքին եւ շուրջ տասնամեակ մը կը գրէ անոր ոգեշունչ խմբագրականները։ Ան Հ.Մ.Ը.Մ.ի բարձրագոյն՝ «Արժանեաց» շքանշանին կ՚արժանանայ 11 Փետրուար 1996-ին։ Կը մահանայ 1 Մարտ 1996-ին։
❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖
ԶԱՒԷՆ ԲՐՈՒՏԵԱՆ
< 22 >
Եղբ. Զաւէն Բրուտեան ծնած է 1931-ին, Զակազիկ, Եգիպտոս։ Նախնական կրթութիւնը կը ստանայ Աղեքսանդրիոյ Պալայեան եւ Ազգ. Պօղոսեան վարժարանները։
1945-1948 ան կը յաճախէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանք, Անթիլիաս, ուր սակայն հետաքրքրութիւնները կ’ըլլան… մարզական։ Կը սկսի վոլիպոլ եւ պասքեթպոլ խաղալ, բայց նախասիրած մարզաձեւը կ’ըլլայ ձողով բարձրութիւն ցատկիլը։ Հետագային ան կը մասնագիտանայ այդ մարզաձեւին մէջ։
1948-ին Զաւէն Բրուտեան կը վերադառնայ Աղեքսանդրիա եւ կ’անդամակցի «Կամք» Մարմնամարզական ակումբին, իբրեւ մարզիկ։ Իր նախասիրած մարզաձեւը կը մնայ աթլեթիզմը, յատկապէս 100, 200, 400 մեթր վազքը, դրօշարշաւը եւ ձողով բարձրութիւն ցատկիլը։ 1953-ին, եգիպտահայ մարզախաղերուն, ձողով բարձրութիւն ցատկելու մրցումին ան կը հաստատէ Հ.Մ.Ը.Մ.ական մրցանիշ (3.53 մ.)։ Նոյն տարին, Եգիպտոսի աթլեթիզմի ախոյեանութեան ան կը գրաւէ պատուաբեր երրորդ դիրքը։ Ան կը հանդիսանայ նաեւ Աղեքսանդրիոյ միջ-ակմբային մրցաշարքի ախոյեան։ Աղեքսանդրիոյ մէջ ան աթլեթիզմի մարզիչներ կ’ունենայ Կարօ Մոմճեանը, Կարպիս Քիւփելեանը եւ Ստեփան Խանճեանը։
Եղբ. Զաւէն 1953-1957 կը ծառայէ եգիպտական բանակին՝ միաժամանակ շարունակելով աթլեթիզմի եւ լողի փորձերը։ Ան կը ստանայ տասնապետի աստիճան։ 1957-ին, Եգիպտոսի քաղաքական եւ տնտեսական պայմաններու վատթարացումով, գաղութին կարեւոր մէկ մասը կը ձգէ երկիրը եւ կը գաղթէ Մ. Նահանգներ, Գանատա եւ Աւստրալիա։ 1963-ին, ինք եւս ընտանիքին հետ կը գաղթէ Աւստրալիա եւ կը հաստատուի Սիտնի։ Երկու տարի ետք ան կը կազմէ ընտանեկան իր բոյնը եւ կը բախտաւորուի երկու մանչ զաւակով։
1965-ին եղբ․ Զաւէն կ’անդամագրուի Սիտնիի Հ.Մ.Ը.Մ.ի նորաստեղծ մասնաճիւղին եւ մինչեւ կեանքին վերջը հաւատարիմ կը մնայ Հ.Մ.Ը.Մ.ականի իր կոչումին։ 1967-1968 եւ 1970-1975 ան մաս կը կազմէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Անդրանիկ» մասնաճիւղի վարչութեան՝ ստանձնելով գանձապահի եւ ատենադպիրի պաշտօններ։
1968-ին, եղբ. Զաւէնին կը վստահուի Աւստրալիոյ միջ-մասնաճիւղային Նաւասարդեան Ա. խաղերուն ընդհանուր պատասխանատուութիւնը։ Իբրեւ վարչական ներկայացուցիչ, այնուհետեւ ան տեւաբար կ’ըլլայ դաշտերու վրայ, իբրեւ մարզական յայտագիրներ համադրող եւ միջ-մասնաճիւղային Նաւասարդեան խաղերու յաջողութեան մասնակից։
1979-ին, եղբ. Զաւէն մաս կը կազմէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Աւստրալիոյ նորակազմ Շրջանային Վարչութեան եւ, երեք շրջան յաջորդաբար, անշահախնդիր կերպով կը ծառայէ միութեան։
Միութենական իր անխոնջ գործունէութեան համար, եղբ. Զաւէն կ’արժանանայ Աւստրալիոյ Շրջանային Վարչութեան «Ծառայութեան» շքանշանին, 1995-ին՝ միութեան «Արտակարգ» շքանշանին, իսկ 2007-ին՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան «Արժանեաց» շքանշանին։
Եղբ. Զաւէն անդամակցած է նաեւ Հ․Յ․Դաշնակցութեան Աւստրալիոյ կազմին, ըլլալով հաւատաւոր եւ կարգապահ կուսակցական։ Ան իր բծախնդիր բնաւորութեան բերումով, պարտաճանաչութեամբ կատարած է իրեն վստահուած բոլոր աշխատանքները։ Եղած է ընկերասէր եւ կատակասէր։
Եղբ. Զաւէն Բրուտեան կը մահանայ 22 Հոկտեմբեր 2019-ին։
❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖
ԶԱՒԷՆ ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆ
< 23 >
Եղբ. Զաւէն Սապունճեան ծնած է Հալէպ, 1930-ին։ Նախնական եւ միջնակարգ ուսումը ստացած է Ազգ. Հայկազեան եւ Վենետիկեան Մխիթարեան Հայրերու վարժարանը, իսկ երկրորդականը՝ Հալէպի Միսիոն Լայիքի Ֆրանքօ-արապ Լիսէն։
Իբրեւ ուսուցիչ 3 տարի ան պաշտօնավարած է Ազգ. Զաւարեան վարժարանին մէջ՝ 1952-1954։
Եղբ. Սապունճեան մաս կազմած է Հալէպի «Արեւելք» օրաթերթի խմբագրութեան, վարելով թերթին մարզական եւ գեղարուեստական բաժինները։ 1957-ին ան եղած է «Արեւելք Մարզաշխարհ» շաբաթաթերթին հիմնադիրներէն մէկը եւ անոր խմբագրութիւնը վարած է մինչեւ թերթին դադրեցումը (1963)։ Խմբագրած եւ հրատարակած է «Պատանեկան Մատենաշար»ը եւ «Զաւէն Սապունճեան Մատենաշար»ը (12 գրքոյկ)։ Միաժամանակ, ան գլխաւոր խմբագիրը եղած է «Քրիստափոր Մատենաշար»ին։
Աշխատակցած է հայ մամուլին, իբրեւ մարզական թղթակից։ Խմբագրած է նաեւ Բերիոյ Թեմի Ազգ. Առաջնորդարանի «Օշական» պարբերաթերթը։
Եղբ. Սապունճեան 60 տարի մաս կազմած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի մեծ ընտանիքին, սկիզբը իբրեւ սկաուտ (1941-1952). ան մասնակցած է սկաուտական միջ-մասնաճիւղային հինգ բանակումներու (Լիբանան) եւ եղած է սկաուտական նուագախումբի թմբկահար։ Շրջան մը ծառայած է Հալէպի գայլիկներու խումբին՝ «Պաղիրա»յի աստիճանով։ Իբրեւ մարզիկ ան սիրած ու կիրարկած է աթլեթիզմը, ի մասնաւորի միջակ եւ երկար վազքերը՝ 800 մ., 1500 մ., 5000 մ., 10000 մ. եւ քրոս քաունթրի (1952-1956)։ Հետեւած է նաեւ այլ մարզախաղերու։
1956-1968 ան մաս կազմած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հալէպի մասնաճիւղի վարչութեան։ Եղած է նաեւ անդամ Սուրիոյ առաջին Շրջանային Վարչութեան։ 1976-ին, Սուրիոյ մարզական ընդհանուր ֆետերասիոնի որոշումով ան նշանակուած է Հալէպի Վարչութեան անդամ՝ երկու տարուան համար (1976-1978)։
Եղբ. Սապունճեան չորս անգամ մասնակցած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Մերձաւոր Արեւելքի Շրջանային Ներկայացուցչական Ժողովներուն (Հալէպ կամ Պէյրութ), ինչպէս նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պատգամաւորական Բ. Ընդհանուր Ժողովին (Կիպրոս)։
1953-1963, իբրեւ լրագրող կամ վարչական ան մասնակցած է հեծելարշաւի Սուրիոյ եւ Լիբանանի բոլոր կարեւոր մրցումներուն, շրջավազքերուն եւ Պէյրութի Միջերկրականեան խաղերուն։
Բազմիցս ընտրուած է անդամ՝ Հալէպի փինկ-փոնկի, հեծելարշաւի, պասքեթպոլի եւ աթլեթիզմի ֆետերասիոններուն։ 1976-1984 ընտրուած է Հալէպի Նահանգային Խորհուրդի անդամ եւ միշտ մաս կազմած է անոր կրթական եւ մշակութային յանձնախումբին։
Հայ մարզական մամուլին ունեցած իր ծառայութիւններուն համար, 1961-ին, Գահիրէի Հ.Մ.Ը.Մ.-«Արարատ»-ին կողմէ ան պարգեւատրուած է համահայկական ողիմպիականի յատուկ շքանշանով։
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը գնահատելով բազմամեայ նուիրումը եւ բոլորանուէր աշխատանքը մարզական, մշակութային եւ ազգային մարմիններուն մէջ, 20 Նոյեմբեր 1988-ին զայն կը պարգեւատրէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Արժանեաց» շքանշանով։
Եղբ. Սապունճեան կը մահանայ 18 Յունիս 2001-ին։
❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖
ԶԱՒԷՆ ՏԷՐՎԻՇԵԱՆ
< 24 >
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ սկաուտական շարժումի երկարամեայ անխոնջ նուիրեալներէն է միութեան «Ծառայութեան» շքանշանակիր եւ «Արտակարգ» պատուանշանակիր եղբայր Զաւէն Տէրվիշեան: Մաքուր նկարագիրով Հ.Մ.Ը.Մ.ական մը, որուն բովանդակ կեանքը եղաւ միութեան ճամբով անմնացորդ նուիրում իր ժողովուրդին եւ անոր ազգային կառոյցներուն։
Եղբ. Զաւէն Տէրվիշեան ծնած է 1932-ին։ Ուսումը ստացած է Ազգ. Զաւարեան Վարժարանին, ապա՝ Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանին մէջ, որմէ ետք նետուած է արհեստի: Ամուսնացած է եւ բախտաւորուած երեք զաւակով՝ երկու դուստր եւ մանչ մը: Ան իր ամբողջ կեանքը նուիրած է ընտանիքին, Հ.Մ.Ը.Մ.ին եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ:
Եղբ. Զաւէն Հ.Մ.Ը.Մ.ի շարքեր մուտք գործած է 1939-ին, իբրեւ գայլիկ: 1946-ին ան փոխանցուած է սկաուտական շարքեր: Հ.Մ.Ը.Մ.ի մէջ ունեցած է երկարամեայ ծառայութիւն: Սկաուտական շարքերու մէջ ստացած է բոլոր կարգերն ու աստիճանները: Իբրեւ տարազաւոր եղած է մասնաճիւղի խմբապետ: Վարչական գետնի վրայ, եղած է Սուրիոյ Շրջանային Սկաուտ. Խորհուրդի եւ Հալէպի մասնաճիւղի Սկաուտ. Խորհուրդի անդամ, ատենադպիրի եւ ատենապետի պաշտօններով: Եղած է Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան եւ հալէպահայ միջ-սկաուտական խորհուրդներու անդամ: Իբրեւ մարզանքի ուսուցիչ, ան անվճար ծառայած է հալէպահայ զանազան վարժարաններու.- Ազգ. Զաւարեան Վարժարան՝ հինգ տարի, Ազգ. Սահակեան Վարժարան՝ երեք տարի եւ Ազգ. Գերմանիկեան Վարժարան՝ աւելի քան տասը տարի:
Հ.Մ.Ը.Մ.ի 75-ամեակին, առ ի գնահատանք իր երկարամեայ վաստակին, ան Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան կողմէ պարգեւատրուած է միութեան «Ծառայութեան» շքանշանով:
22 Դեկտեմբեր 2016-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը եղբ. Զաւէնը պարգեւատրած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Արտակարգ» պատուանշանով:
Հ.Մ.Ը.Մ.ի մէջ, եղբ. Զաւէն ծանօթ էր իր խստապահանջութեամբ, միութեան կանոնագիրին հանդէպ բծախնդիր մօտեցումով եւ իմաստուն ղեկավարի յատկանիշներով, որոնց մասին կը վկայեն Հ.Մ.Ը.Մ.ական իրերայաջորդ սերունդները:
Եղբ. Զաւէն մինչեւ յառաջացած տարիքը մօտէն հետաքրքրուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ով: Ուրախացաւ միութեան յաղթանակներով եւ տագնապեցաւ դիմագրաւած դժուարութիւններով:
Ան մահացաւ 17 Օգոստոս 2020-ին, դառնալով լուսաշող փարոս եւ ներշնչման աղբիւր՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ական ծառայանուէր կեանքի եւ ժողովրդանուէր աշխատանքի։