Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ուրբաթ, 13 օգոստոս 2021-ին, յաջորդաբար ընդունեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանը եւ Վատիկանի մէջ Լիբանանի Հանրապետութեան դեսպան դոկտ. Ֆարիտ Խազենը:
Հայաստանի դեսպանին հետ հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի ներքին կացութեան եւ Հայաստան-սփիւռք յարաբերութեան առնչուած հարցեր:
Վատիկանի մէջ Լիբանանի դեսպանին հետ վեհափառ հայրապետին ունեցած հանդիպման առանցքը վերջերս Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս պապին ներկայութեան տեղի ունեցած Լիբանանի հոգեւոր պետերուն հանդիպումն էր եւ յատկապէս անոր յաջորդած աշխատանքները: Այս ծիրին մէջ դոկտ. Խազեն հանդիպում ունեցած էր Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահին եւ մարոնի եկեղեցւոյ պատրիարքին հետ: