Պապ. «Կոչ Կ՛ուղղեմ Լիբանանցիներուն Իրարու Հետ Համագործակցելու` Փրկելու Համար Իրենց Երկիրը»
Երէկ երեկոյեան լիբանանեան սեւ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին սակը անցաւ 25.000 լ. ոսկիի սահմանը:
Այս իրողութեան զուգահեռ տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարարութիւնը մէկ կապ հացին սակը ճշդեց 10.000 լ. ոսկի, իսկ հանրախանութներուն մեծամասնութիւնը մէկ տոլարի դիմաց 25.000 լ. ոսկի սակի հիման վրայ ճշդեց իր վաճառած ապրանքատեսակներուն գիները:
Աւելի ուշ կարգ մը շրջաններու մէջ, ինչպէս հարաւային Լիբանանի մայրուղին` Պարժայի խաչմերուկին մօտ, Ժիէի մայրուղին եւ Սաուֆարի միջազգային ճամբան փակուեցան ցուցարարներու կողմէ` իբրեւ բողոք` հետզհետէ վատթարացող երկրին տնտեսական պայմաններուն դէմ:
Միւս կողմէ, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս պապը երէկ առաւօտեան ընդունեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի իրավիճակը:
Հանդիպումին ընթացքին պապը կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն իրարու հետ համագործակցելու` փրկելու համար իրենց երկիրը, «Պատգամի երկիր»-ը, ինչպէս կոչուած է Յովհաննէս Պօղոս Բ. նախկին պապին կողմէ:
Պապը կոչ ուղղեց նաեւ, որ Լիբանան իր դերակատարութիւնը ստանձնէ Արեւելքին եւ Արեւմուտքին միջեւ երկխօսութեան եւ մերձեցումի իբրեւ ուսանելի օրինակ:
Պապը նշեց, որ Լիբանանի հարցերը շատ են, եւ խոստացաւ Լիբանանի տագնապներուն լուծման համար աղօթել Աստուծոյ:
Վարչապետ Միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Վատիկանի ընդհանուր քարտուղար կարտինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ` ներկայութեամբ արդարութեան նախարար Հանրի Խուրիի, զբօսաշրջութեան նախարար Ուալիտ Նասսարի եւ Վատիկանի մէջ Լիբանանի դեսպան Ֆարիտ Խազենի:
Քննարկուեցան Լիբանանի դիմագրաւած տագնապները:
Փարոլին ընդգծեց, որ Լիբանան պէտք է լաւ յարաբերութիւններ ունենայ արաբական իր շրջապատին եւ միջազգային ընտանիքին հետ:
Իր կարգին, վարչապետ Միքաթի պապին հետ հանդիպելէ ետք յայտնեց, որ պապը շեշտած է միջազգային հարթակներու վրայ ամէն ջանք ի գործ դնելու կարեւորութիւնը` օժանդակելու համար Լիբանանին:
Աւելի ուշ, Ֆրանչիսկոս պապը ընկերային ցանցերուն վրայ տեղադրեց հետեւեալ գրառումը. «Տէ՛ր Աստուած, քու ձեռքերուդ մէջ ա՛ռ Լիբանանը եւ անոր ըսէ՛` «ելի՛ր», ինչպէս Յիսուս ըսաւ Յայրոսի աղջկան»:
Նշենք, որ դեսպան Խազեն հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ վարչապետ Միքաթիի Վատիկան այցելութիւնը կարեւոր է եւ անհրաժեշտ` աւելցնելով, որ այսօր Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն պիտի այցելէ Ֆրանչիսկոս պապին, որուն քննարկելիք հիմնական հարցը պիտի ըլլայ Լիբանանը:
«Վատիկան միշտ պատրաստ է օժանդակելու Լիբանանին, սակայն կարգ մը հարցերու մէջ նաեւ կարեւոր է, որ մենք իրարու օժանդակենք», ըսաւ Խազեն:
Ան դիտել տուաւ, որ պապը յանձնառու է Լիբանան այցելելու, սակայն ցարդ յստակ թուական չէ ճշդուած:
«Բայց եւ այնպէս Վատիկանի արտաքին գործոց նախարարը յառաջիկայ փետրուարի սկիզբը պիտի այցելէ Լիբանան», նշեց Խազեն: