Արջը, աղուէսն ու դաշտամուկը ընկերացան:
-Ընկերութիւնը ինչ է, որ չկրնանք ընել, – մտածեց առատաձեռն արջը: Ես իմ ունեցուածքը ընկերներուս կը բաժնեմ :
– Լաւ, ընկերութիւն մըն է, կ՛ընենք՝ կը քնանանք, կ՛արթննանք, կուտենք, կը խմենք:
Ընկերութիւն մըն է ի վերջոյ, ինչպէս որ ալ ըլլայ՝ կ՛ըլլայ , – մտածեց աղուէսը:
– Այո, լաւ է, գոնէ ես ալ այս աշխարհէն քիչ կը վախնամ՝ ընկերներ կ՛ունենամ: Արեւին տակ թափառիլն ալ ինծի համար սովորական բան մը կը դառնայ, – մտածեց դաշտամուկը:
Մտածեցին, որոշեցին ու ընկերացան:
– Մէկ պարկ ցորեն ամբարած եմ, Գարնանը ցանելու համար այն շատ-շատ է – ըսաւ անոնց արջը: Եկէք ամէն մէկուդ բաժին մը տամ, ինչ կ՛ուզէք ըրէք ձեր ցորենի բաժինով: Մնացածը թող մնայ գարնան ցանքին:
– Եղաւ, – ուրախացաւ աղուէսն ու վերցուց արջին տուած բուռ մը ցորենը:
– կը տանիմ, հաւերուն կը հրապուրեմ: Ցորենը անոնց ոտքերուն տակ կը փռեմ ու ես ալ այդ հաւերուն մէկ-մէկ կը հաւաքեմ, – որոշեց ան, ուրախանալով իր միտքին մէջ.
Ոչ կորեկ է, ոչ գարի,
Ցորեն է կարմիր հատիկ,
Սիրտի ուզածն է հաւին,
Ինծի նման ով կայ ճարպիկ:
-Շատ լաւ, – ուրախացաւ դաշտամուկը, վերցուց իր ցորենի բաժինը ու տարաւ աչքէ հեռու վայելելու:
Ձմեռն անցաւ, եկաւ գարուն: Վար ու ցանքի ժամանակն էր: Արջը, որ երկար քունով անցուցած էր՝ արթնցաւ:
-Ուր էք, իմ ընկերներ, – ձայն տուաւ արջը: Աղուէս, դաշտամուկ, շուտ այստեղ եկէք, երթանք ցորեն ցանելու:
Կանչեց ու մտաւ մառան ցորենը բերելու: Բայց այնտեղ նոյնիսկ մէկ կորեկ չգտաւ: Ցորենի պարկը դատարկ ու կրծուած ինկած էր:
-Ընկերներ,- մռնչաց արջը գոռալով,- շուտ մառան եկէք, ցորենը գողցեր են:
Բայց արջի մռնչոցը անարձագանք մնաց: Ոչ աղուէսը, ոչ ալ դաշտամուկը՝ մառան չգացին:
Երբ արջը կատղած գնաց ընկերներուն մօտ, տեսաւ, որ անոնք կատաղի կռիւի մէջ են՝ քիչ կը մնար, որ զիրար ուտեն:
-Ինչու՞ գողցեր ես, ստոր, հողոտ արարած,- դաշտամուկին վրայ կատղած կը յարձակէր աղուէսը,- քու բաժինդ քիչ էր, որ ամբողջ ցեղիդ ալ տեղը ըսեր ես, հը՞
-Հապա դու՞ն ինչու գողցեր ես,- դաշտամուկը բարակ ձայնով կը ճչար եւ փոխանակ պաշտպանուելու կը ցատկռտէր այս ու այն կողմ:
– Ախ դուք անամօթներ,- գոռաց զայրացած արջը: Տակաւին դուք ձեզ ընկերներ կը սեպէք: Կորսուեցէք, ես այլեւս ձեր ընկերը չեմ,- ըսաւ արջը ու ջուրը առնելով գնաց դէպի ընկերները:
Աղուէսը փախաւ սարն ի վեր, ժայռն ի վար: Մտաւ խոր ձոր, գտաւ մութ անտառ, թաքնուեցաւ – կորսուեցաւ արջի աչքէն:
Դաշտամուկն ալ արջին ու աղուէսին աչքին առջեւ հողին տակը անցաւ: Այդ օրէն
ի վեր աղուէսը զգոյշ կը մնայ արջին չտեսնելու՝ կը ջանայ անոր աչքին չերեւիլ:
Դաշտամուկին գործը դժուարացեր էր՝ աղուէսը չէր ուզեր յիշել, որ ընկերներ եղած էին: Ան որոշած էր դաշտամուկի ցեղը ջնջել՝ մէկ առ մէկ բռնելով եւ ուտելով անոր բարեկամներուն: Իբրեւ թէ՝ չէր կրնար ներել դաշտամուկին, որովհետեւ վատ ընկեր էր …
Հեղինակ՝ գրող, մանկագիր Յասմիկ Աջամեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Շաքէ Մանկասարեան
Կը հրատարակենք թարգմանողին ազնիւ արտօնութեամբ