Հազար եւ հինգ հարիւր տարուան վաղեմութեամբ ձայն մը անցեալէն, Հայոց պատմութեան խորերէն:
Հեռաւոր անցեալէն փայլատակող լոյսի շող մը: Դարերու խորքէն եկող եւ նոր դարաշրջաններ սլացող հայ ժողովուրդին կրակէ մկրտութիւնն է ան:
Մեր ժողովուրդի պատմութեան միահամուռ նուիրումի, ազգային առաքինութիւններու խորհրդանիշն է Վարդանանքը:
Պատմութեան մէջ երբեք չենք հանդիպած ժողովուրդի , որ միահամուռ նուիրուի
խորհուրդի մը սրբալոյս: Սակայն հայը ժողովուրդը ազգային առաքինութեան վերածեց Վարդանանքը: Այդ ոգիով 301 թուականին` երեք դարերէ ի վեր ծածկաբար, հալածանքի ենթակայ, մաս առ մաս լոյս հաւատքի հասած իր բազմաթիւ զաւակներուն հետ`թագաւորէն մինչեւ սովորական գիւղացին, յղացաւ գաղափար մը արթուն եւ ստացաւ ոգիի մկրտութիւնը` «Խորհուրդ մեծ եւ սքանչելիե:
Նոյն այդ ոգիով` 406 թուականին լուսադէմ Սահակ Պարթեւ, Մեսրոպ Մաշտոց եւ Վռամշապուհ, երկնուած «Այբ ու Բենե-ը տասնեակ մը գործակիցներու յանձնած, լծուեցան գործի եւ ողջ Հայաստանը դարձուցին մրջնային աշխատանոցի մը:
Երկու տասնեակ տարիներ չանցած` կերտեցին «Ոսկեդարըե հայ գրականութեան, եւ մեր ժողովուրը ստացաւ մտքի մկրտութիւնը:
Ահա այդ ոգիով` 451 թուականին, համայն հայ ժողովուրդը հերոսացաւ`իր կաթողիկոսով ու քահանայով, նախարարներով ու մտաւորականներով, բանակով եւ կամաւորներով, իր այրերով ու դուստրերով , մինչեւ «Տիկնայք փափկասունք հայոց աշխարհինե հրապարակ ելան եւ բոլորը, զսպանակէ մղուած, ստացան կրակի մկրտութիւնը:
Հայութիւնը գտնուեցաւ երկնտրանքի մը առջեւ: Ժամանակաւո՞րը, թէ յաւիտենականը: Ժամանակաւորը հանգիստ ու խաղաղութիւն կը խոստանար, յաւիտենականը` զրկանք ու պատերազմ: Անոնք նախընտրեցին մահանալ` հայութեան յաւիտենականութիւնը ապահովելու համար:
«Մահ իմացեալ անմահութիւն էե: Վարդանանց նահատակները գիտէին, թէ ինչո՛ւ կը մահանան: Մահանալ գիտցողը կը յաղթէ եւ հայութիւնը յաղթանակեց:
Վարդանանքը դարձաւ օտար բռնապետութեան դէմ հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարի, ազգային ինքնուրոյնութեան պահպանման եւ աննկուն կամքի դրսեւորման խորհրդանիշ: Անոնք դարձան հայոց պատմութեան այն նահատակները, որոնք գիտակցեցան հայրենիքի զոհասեղանին իրենց կեանքը նուիրաբերելու անհրաժեշտութիւնը:
Անձեր կան, որոնք ժամանակաշրջան մը կը մարմնաւորեն: Վեհ են նման անձիք: Վարդան Մամիկոնեան դարձաւ մեր ժողովուրդի խորհրդանիշը: Կղերի ու աշխարհականի, մեծ ու փոքրի, այր ու կնոջ, բոլորին հաւատքը, յոյսը, ոգին մէկտեղուած, ամփոփուած էր Վարդանի անձին մէջ: Այնքան նոյնացած են անոնք, որ քննադատել Վարդանը` հոմանիշ է ազգը քննադատելու, թէեւ ազգը յաճախ կը գործէ բնազդական նախազգացումներով …: ,
Այսօր` 1563 տարի ետք, հայութեան գոյութիւնը, գրեթէ անփոփոխ իր ոգիով, արդեօք փաստ չէ՞, թէ հայուն բնազդական նախազգացումը չսխալեցաւ հազար հինգ հարիւր տարի առաջ,երբ իր քաղաքական ուղղութիւնը որոշելու հարցը իր առջեւ գտաւ համազգային գունաւորումով: Եւ չսխալեցաւ հայ ժողովուրդը:
Ահա թէ ու՞ր կարելի է տեսնել Վարդանի վեհութիւնը, որ հասկցաւ ժամանակի ոգին, որ իր ալ ոգին էր, եւ ինքզինք կապեց ազգին ու անոր ձգտումներուն, եւ թէ ինչո՛ւ անոր գլխուն դրուեցաւ « Կարմիր Վարդանե-ի փառաց պսակը, որ մինչեւ այսօր կը գօտեպնդէ համայն հայութիւնը արեան ձորերէ, կրակի հնոցներէ անցնելու ժամանակ:
Վարդանանց հերոսամարտը չաւարտեցաւ Տղմուտի ափերուն: Պարսից թագաւորը հրաժարեցաւ հայերը կրօնափոխ դարձնելու մտադրութենէն: Մեր ժողովուրդին երազը իրականացաւ շնորհիւ անոր հաւատքին եւ միաբանութեան: Այսօր հայ ժողովուրդը՝ պետականութիւն, Սփիւռք եւ Արցախ անհրաժեշտ է, որ լաւ գիտակցի Վարդանանց հերոսամարտին բերկրանքը: Մեր ժողուվուրդի մէն մի միաւոր տիրութեան կարօտը կը զգայ, որովհետեւ նուազ տարածուած չեն մեր թշնամիները, մեր շուրջի դաւադիրները: Բայց նաեւ ըլլանք իրապաշտ եւ պահ մըն ալ ինքնաքննադատաբար հարցնենք, արդեօ՞ք ճիշդ ճանապարհով կ’առաջնորդենք մեր ժողովուրդը…:
Պատմութիւնը մեզի պիտի դաստիրակէ ուսումնասիրելու մեր նախնիներուն քայլերը, դասեր քաղելու՝ անձնական եւ հաւաքական կեանքի համար: Յիշենք եւ չմոռնանք Վարդանանց նահատակները, ընդհանրապէս մեր բոլոր հերոսները, կառչած մնանք մեր հաւատքին ու հողին: Զօրացնենք մեր նորանկախ պետութիւնը, հայրենիքի անվտանգութիւնը պաշտպանելու պատրաստ՝ ազգային բանակը:
Վարդանանքը խարանն է նաեւ մեր հայրենական եւ ազգային իրականութեան մէջ գործող անհատներուն եւ հաւաքականութիւններուն, որոնք անձնական ու ժամանակաւոր փառասիրութիւններէն շլացած, նոր արկածախնդրութիւններու կը մղեն ժողովուրդն ու հայրենիքը: Անոնք անկասկած պիտի կրեն Վասակի անունը, հազար անգամ աւելի անիծուած, քան Տիրոջ միակ որդին մատնող Յուդան: Այսօրուան հայրենիքի աշխարհաքաղաքական պայմանները, Սփիւռքի իրավիճակը, հաւաքական ու համադրուած աշխատանքի հրամայականին առջեւ կը դնեն մեզ բոլորս:
Իւրաքանչիւր դարաշրջան ունեցած է իր Վարդանները` լուսապայծառ ու յաղթական: Պատի՜ւ անոնց: Մենք՝ Վարդաններու ճանապարհով եւ Վարդանանց խորհուրդով պիտի կերտենք մեր ժողովուրդի այսօրը եւ վաղը: Պատիւ մեր բոլոր նահատակներուն:
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ