ՀՐԱՉ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ
Կազմակերպութեամբ ՀԲԸՄի Ասպետներու համախմբումին, Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 10ի երեկոյեան, Փասատինայի ՀԲԸՄի Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան կեդրոնին մէջ, «Հայաստանի յաջողութիւններն ու մարտահրաւէրները» ծաւալուն նիւթով հանդէս եկաւ ՀՀ արտաքին գործոց նախկին նախարար եւ ներկայիս Հայաստանի Ազգային ժողովի անդամ Վարդան Օսկանեանը:
Շուրջ 200 հայրենակիցներ, որոնց շարքին՝ ազգային քաղաքական եւ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ մեծ թիւով միութենականներ, ընթրիքի սեղաններու շուրջ լսեցին Հայաստանի դիմագրաւած ներկայի արտաքին թէ ներքին խնդիրներուն ու ձեռքբերումներուն մասին:
Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան ճաշօրհնէքէն առաջ հանդէս եկաւ հակիրճ ելոյթով մը, ուր վեր առաւ Վարդան Օսկանեան՝ սփիւռքահայն ու Հայաստանի քաղաքացին, դիւանագէտն ու հայրենասէր գործիչը: Ան յայտարարեց. «Մեզի համար պատիւ է Օսկանեանի՝ պատասխանատու պաշտօններ վարելը, որպէսզի Հայաստանը դարձնէ մեր կեանքի երազը, յոյսը եւ նաեւ մեր կեանքի խոստումը: Ձեր կեանքը պիտի դարձնէք բարի օրինակ երիտասարդ սերունդին համար, որ կ՛ապրի Հայաստան եւ արտաշխարհ», շեշտեց առաջնորդը:
Ասպետներու վարչութեան կողմէ ներկաներուն վերապահուած էին օրինակներ օրուան հիւրին «Անկախութեան Ճանապարհով» գիրքէն, որուն անդրադարձաւ օրուան հանդիսավար տոքթ. Կիրակոս Մինասեան: Ի դէպ, վերջինս, ինչպէս միշտ, խնամեալ աշխատանք կատարած էր՝ վեր հանելու Օսկանեան մարդուն, միութենականին, սփիւռքահայուն եւ Հայաստանի քաղաքական գործիչին կեանքի հանգրուանները: Մինասեան ներկայացուց 2013ին լոյս տեսած վերոյիշեալ հատորը, ուր խմբուած են էջեր նախարար Վարդան Օսկանեանի օրագիրէն՝ «Փոքր երկրի մեծ մարտահրաւէրներ»էն: Ահա, թէ ի՛նչ կը գրէ Օսկանեան Օսկանեանի մասին. «Դիւանագիտութիւնը ոչ միայն իմ կրթութիւնն է, աշխարհը, այլեւ՝ կիրքն ու նուիրումը: …Հայաստանի նման փոքր երկրի մը համար դիւանագիտութիւնը ո՛չ միայն պաշտպանութեան առաջին ճակատն է, այլեւ՝ յարձակման առաջին գիծը»:
Դիւանագէտը ծնած է 1955ին, Հալէպ: Շրջանաւարտ է ՀԲԸՄի Լազար Նաճարեան-Գալուստ Կիւլպէնկեան վարժարանէն, Երեւանի «Պոլիտեխնիկական» համալսարանէն, «Ֆլեչըր» եւ «Հարվըրտ» համալսարաններէն: Գտնուելով ՀՀ արտաքին գործոց նախարարի պատասխանատու պաշտօնին վրայ մօտիկ անցեալին, եւ ներկայիս՝ որպէս խորհրդարանի անդամ, ան գործօն մասնակցութիւն բերած է եւ կը բերէ ղարաբաղեան բանակցութիւններուն եւ ընդհանրապէս՝ Հայաստանի արտաքին թէ ներքին քաղաքական կեանքէն ներս:
Տոքթ. Կիրակոս Մինասեան նշեց, թէ հիւր բանախօսը սփիւռքահայ թէ հայաստանեան լայն շրջանակներու ծանօթ դէմք հանդիսացաւ «AIM» ամսաթերթին միջոցով՝ ներկայացնելով մեր Դատը: Երկրորդ, ան այսօր ծանօթ է իր իսկ հիմնադրած «Սիվիլիթաս»ով, որ կը կատարէ հայրենասիրական մեծ աշխատանք: Տոքթ. Մինասեան վեց կէտերու մէջ արժեւորեց Օսկանեան արտաքին գործոց նախարարը: Ան ըսաւ, թէ այդ տասը տարիներու նախարարը վարեց փոխլրացման քաղաքականութիւն՝ պահելով չէզոքութիւն եւ հաւասարակշռութիւն միջազգային քաղաքական աջ ու ձախ հոսանքներու միջեւ: Երկրորդ՝ վարեց բազմակողմանի դիւանագիտութիւն (multilateral), ուր պետութիւնը իր շահերը կը հետապնդէ ուրիշ պետութիւններու հետ գործակցաբար: Երրորդ՝ անոր օրով՝ 2001ին, Հայաստան դարձաւ Եւրոպական խորհուրդի լիիրաւ անդամ: Չորրորդ՝ Հայաստան-Թուրքիա դիւանագիտութեան ծիրէն ներս փրոթոքոլներու յառաջ մղումը: Հինգերորդ՝ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին գծով Օսկանեան յաջողեցաւ ապահովել Արցախի փաստացի անկախութիւնը եւ իրաւականօրէն Ատրպէյճանի կազմէն դուրս գտնուելու հասկացողութիւնը: Իսկ վեցերորդ՝ կարեւորեց արտաքին գործոց նախկին նախարարին ճիգերը՝ զարկ տալու Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններուն եւ ներդրումներուն:
Ապա ելոյթ ունեցաւ Վարդան Օսկանեան։ Ստորեւ՝ մէջբերումներ անոր ելոյթէն.
– Ներկայիս Հայաստանի եւ Արցախի մէջ այնպիսի իրադարձութիւններ տեղի կ՛ունենան, որոնք շրջադարձային են:
– Նախագահ Սերժ Սարգսեան ստորագրեց Հայաստանի անդամակցութիւնը Եւրասիական տնտեսական միութեան՝ նոր էջ բանալով ՀՀ տնտեսական եւ արտաքին քաղաքականութեան մէջ:
– Ոչ-իշխանական ուժերը իրենց մտահոգութիւնը եւ դժգոհութիւնը կ՛արտայայտեն երկրէն ներս ստեղծուած իրավիճակին մասին:
– Նոր իրավիճակ Հայաստանի համար՝ իր տեղի եւ դերի առումով: Կովկասի մէջ բաժանարար դիրքերը աւելի խորունկ կը դառնան՝ բացասական հետեւանքներով (Արեւմուտք եւ Ռուսիա):
– Փորձենք միասնաբար յաղթահարել լուրջ մարտահրաւէրները յանուն ժողովրդավար եւ բարգաւաճ հայրենիքի:
– 23 տարի անցած է անկախութենէն, եւ մենք գիտենք մեր թերութիւնները: Պէտք է կարենանք ճիշդ գնահատական տալ, անկեղծ ըլլալ, ունենալ քաղաքական կամք:
– Հիմա պրպտումի մէջ ենք մենք: Հայաստանը ներկայիս բաւական ամուր է, սակայն որո՞նք են այն հիմնական յենասիւները, որոնց վրայ կը յենի մեր պետութիւնը։
Ապա, Վարդան Օսկանեան ծանրացաւ հինգ յենասիւներու վրայ, որոնք ոչ միայն հիմքը հանդիսացան Հայաստանի Հանրապետութեան, այլեւ ձեւաւորեցին մեր մտածողութիւնը, մեր ժողովուրդի հաւաքական գիտակցութիւնը եւ հոգեբանութիւնը:
Ա. Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին
Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցին մեր ամէնէն կայուն հաստատութիւններէն մէկն է: Այո՛, Աստուծոյ տունն է, բայց մենք շատ յաճախ կ՛ըսենք, որ եկեղեցին եղած է ազգային հաստատութիւն: Անհրաժեշտ է եկեղեցի եւ պետութիւն կարգավիճակի յստակ բաժանում: Եկեղեցին իր վրայ պէտք է վերցնէ իրաւունքը իր ձայնը բարձրացնելու, երբ հարկ է: Ան ունի ժողովուրդի վստահութիւնը, եւ ժողովուրդը կ՛ակնկալէ, որ եկեղեցին ըլլայ ժողովուրդին պաշտպանը:
Բ. Պետականութիւն
Պէտք է տարանջատել պետութիւն եւ իշխանութիւն հասկացողութիւնները: Պետութիւնը երկի՛րն է՝ իր կառոյցներով՝ նախագահութիւն, Ազգային ժողով, կառավարութիւն. ան մնայո՛ւն է: Իսկ իշխանութիւնը մարդիկ են, որոնք ժամանակաւոր կերպով կը ծառայեն: Այս երկուքը կարելի չէ նոյնացնել. բան մը, որ այսօր նոյնացուած է կարգ մը թեւերու կողմէ:
Երկրորդ կարեւոր կէտը ժողովրդավարութեան հարցն է: Օրէնքները պէտք է ըլլան թափանցիկ: Օրինականութեան պակասը կը խարխլէ մեր պետականութեան հիմքերը: Պէտք է վերափոխենք ընտրական համակարգը: Հայաստան ժողովրդավարական պետութիւն է, այնպէս որ պէտք է դառնայ իրա՛ւ ժողովրդավար: Մեր պետութիւնը մենատիրական պետութիւն չէ:
Իսկ երրորդ՝ ուժի ընկալման հարցը: Իշխանութիւններու օրինականութիւնն է ուժի հիմքը եւ ոչ թէ երկրի ուժային կառոյցները: Ուժի աղբիւրը, հիմքը, օրինականութիւնն է: Պէտք է քաղաքական մենաշնորհը վերացնել եւ հաստատել իշխանական հակակշիռ:
Օսկանեան նշեց, որ տասը տարիներու իր փորձառութիւնը ցոյց տուաւ, թէ հայութեան խնդիրները երկրէն ներս կը գտնուին եւ ոչ թէ դուրս:
Գ. Սփիւռք
Կ՛ակնկալենք Սփիւռքի ներգրաւուածութիւնը Հայաստանի կեանքին մէջ: Առաջին օրէն իսկ սփիւռքահայեր եկան հայրենիք՝ մեծ նուիրումով: Սփիւռքի դերը մեծ է: Միասնականութիւնը պէտք է ըլլայ նաեւ գործնական գետնի վրայ: Պէտք չէ երբեք թերագնահատել Հայաստանի այսօրուան իրավիճակը: Միւս կողմէ, ոչ մէկ բան յաւերժական է: Սփիւռքը պէտք է ճիշդ գնահատէ հայրենիքը եւ միայն Ցեղասպանութեան հարցով չբաւարարուի: Ժողովրդավարութեան հաստատումը, մարդկային իրաւանց եւ ազատութիւններու խնդիրները նոյնպէս պէտք է յուզեն սփիւռքահայը:
Դ. Ցեղասպանութիւն
100ամեակին ընդառաջ, ակնկալիքները աւելի՛ մեծ են այսօր: Անհրաժեշտ է ճիշդ ձեւակերպել Ցեղասպանութեան խնդիրը, Սփիւռք-Հայաստան աշխատանքները ծաւալուն դարձնել: Յստակացնել մեր նպատակները յաջորդ տասնամեակներուն համար: Ցեղասպանութեան ճանաչումի աշխատանքներէն անցնիլ պահանջատիրական պայքարի՝ մեր իրաւունքներուն, ինչու չէ նաեւ՝ հողերուն: Այսօր Քիւրտիստանի մը ծնունդը կ՛ուրուագծուի տարածաշրջանին մէջ: Մեր պարտքն է 100ամեակի յաջորդ օրն իսկ պահանջատիրութեան խնդիրը դնել մեր դիմաց եւ հանդէս գալ նոր մտածողութեամբ:
Ե. Ղարաբաղ
Վերջապէս, հինգ յենասիւներէն ամէնէն կարեւորը այսօր Ղարաբաղեան յաղթանակներն ու անկախ Արցախն է: Բանակցութիւնները կ՛ընթանան, միւս կողմէ՝ Ղարաբաղը ունի իր անկախութիւնը. վերիվայրումներ պատահեցան եւ կը պատահին այս ընթացքին, սակայն նոյնիսկ եթէ հայրենի ղեկավարութիւնը սխալ քայլի դիմէ, ժողովուրդը իր «ո՛»չը կ՛ըսէ: Ղարաբաղը անկախ պետութիւն է. մեր յաղթանակները դարձան մեր քաղաքականութեան հիմքը յաջորդ տարիներուն համար: Դժբախտաբար, այդ յաղթանակները եւ Ղարաբաղի գոյութիւնը, երբեմն կը շահարկուին՝ ծածկելու համար իշխանութիւններու անգործութիւնը: Աւելի ժողովրդավար դարձնելով Հայաստանը՝ մենք օգնած կ՛ըլլանք Ղարաբաղեան հարցի լուծումին: Պատերազմի վտանգը շատ մօտիկ չէ, սակայն մենատիրական վարչաձեւով գործող Ատրպէյճանին դիմաց ժողովրդավար Արցախով պիտի շարունակենք մեր յաղթանակները:
Ամփոփելով իր ելոյթը՝ Օսկանեան ըսաւ, թէ ամուր եւ արդար ընտրութիւններով պիտի յաղթանակէ ժողովրդավարութիւնը, որուն հիմքը միասնականութիւնն է: «Ընդհանուր տեսլական է անհրաժեշտ, որպէսզի կարողանանք այս փոքր երկիրը դարձնել այն երկիրը, որ մեր հայրերը, մենք, մեր զաւակները ուզում ենք տեսնել», շեշտեց ան:
Ներկաները ըմբռնումով գնահատեցին Օսկանեանի կշռադատուած, յախուռն, ինչպէս նաեւ ինքնաքննադատութեան տարրեր պարփակող ելոյթը: Իսկակա՛ն նմոյշ՝ առողջ ժողովրդավարութեան:
Ապա առիթ տրուեցաւ ներկաներուն՝ ուղղելու իրենց հարցումները:
Անդրադարձ եղաւ Եւրասիական տնտեսական միութեան Հայաստանի անդամակցութեան, ուր Օսկանեան հեռատեսօրէն կարեւոր համարեց Վրաստանի հետ հնարաւորինս նոյն ճամբով ընթանալը, ապագային բարդութիւններու եւ անակնկալներու առջեւ չգտնուելու համար:
Իսկ Սփիւռքէն ան պահանջեց աւելի գործնական մասնակցութիւն՝ հայաստանեան կեանքէն ներս:
Փրոթոքոլներու ստորագրումին բերելիք հետեւանքներն ու Թուրքիոյ հողային ներկայ սահմանները ճանչնալու խնդիրը նոյնպէս արծարծուեցան:
Հայաստանի երիտասարդութեան ներգրաւումը քաղաքական կեանքէն ներս՝ մէկ կողմէ, իսկ միւս կողմէ՝ անոնց կարճ համբերութիւնը եւ արտագաղթը, քննարկման նիւթ դարձան:
Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի ընտրութիւնը շնորհաւորելու առթիւ Ցեղասպանութեան մասին նամակի մը յանձնումը՝ Հայաստանի կողմէ, դիւանագիտական սխալ նկատուեցաւ:
«Ի՞նչ ընել, որպէսզի վերացուին ներկայի դժգոհութիւնները, ցոյցերը» հարցումին, Օսկանեան յիշեց ընդդիմութեան առաջարկած բարեփոխութեան 12 կէտերը, որոնց մէկ մասը եթէ իրականանար, այսօր Հայաստանի ներքաղաքական վիճակը աւելի կայուն կը դառնար:
Վերջապէս, «Հայաստան ե՞րբ պիտի ճանչնայ Ղարաբաղի անկախութիւնը» հարցումին, ան պատասխանեց՝ ըսելով, որ ճանաչումի այդ փամփուշտը ճիշդ ժամանակին պէտք է կրակել, այնպիսի պահու, որ իր գործը ճշգրտօրէն կատարէ:
Դասախօսութեան աւարտին, ՀԲԸՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանակային յանձնաժողովի ատենապետ Գրիգոր Գարակէօզեան եւ Ասպետներու վարչութեան գանձապահ Վահան Ոսկեան «Նոյեան Տապանը Արարատի կատարին» յուշանուէրը յանձնեցին յարգելի հիւրին:
Այնուհետեւ, Գարակէօզեան շնորհակալութիւն յայտնեց Օսկանեանին, Ասպետներու վարչութեան, հանդիսավար տոքթ. Կիրակոս Մինասեանին, Շրջանակայինի գանձապահ Աւետիս Մարգարեանին եւ բոլորին՝ իրենց ներկայութեան համար: Ան յիշեց բացակայութիւնը եւ ցաւակցութիւն յայտնեց «Ասպետներ»ու ատենապետ տոքթ. Յարութ Եաղսըզեանին՝ անոր հօր մահուան առիթով:
Ներկաները մեծապէս տպաւորուած մեկնեցան՝ իրենց հետ տանելով հաւատք, յոյս եւ սէր՝ հանդէպ մեր 23ամեայ Հայաստանին ու Արցախին:
Օսկանեանի հաւասարակշռուած խօսքերը թող խթան հանդիսանան բոլորիս՝ գործնական մեր մասնակցութիւնը բերելու մեր մէկ ու միակ՝ «միշտ հին ու նոր» Հայաստանին: