Մարդու իրաւունքներու Սուրիոյ կեդրոնը հաղորդեց, թէ սուրիացի 230 վարձկաններէ կազմուած նոր խումբ մը մեկնած է Ազրպէյճան, սակայն նախապէս մեկնողներէն 342 զինեալ, Արցախի ճակատը լքելով, վերադարձած է Սուրիա:
Կեդրոնը աւելցուց, թէ վերջին օրերուն, Արցախի տարբեր ճակատներու վրայ սպաննուած է 240 վարձկան: 183-ին դին փոխադրուած է Սուրիա: Բացի այդ, հայկական ուժերը գերի վերցուցած են երկու վարձկան: