Բարեկամ մը հեռաձայնեց քանի մը վայրկեան առաջ: Որպիսութիւններ փոխանակելէ ետք,ըսաւ թէ տխուր լուր մը ունէր փոխանցելիք… պարոն Սեպուհ Աբգարեանը ոչ եւս էր…:
Գլխացաւ մը պատեց զիս: Յուզումի եւ արտասուքի հոգեվիճակիս ընդմէջէն փոխադրուեցայ Կիպրոս… Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւն: Այնտեղ ծանօթացայ պարոն Սեպուհ Աբգարեանին: Այն մարդուն որուն ձայնը հարազատ էր լիբանանցիներուս՝ Հոս Կիպրոսի Հայկական Ռատիօկայանն է շաբաթական,ապա՝ ամէնօրեայ հաղորդումներուն ընդմէջէն: Մելգոնեանի մէջ ծանօթացայ մշակոյթի, արուեստի նուիրեալին:Ժպտուներէս՝ ժիր, ամէնօրեայ ներկայութիւն մըն էր ան Մելգոնեանի մէջ, դասաւանդելով՝ երաժշտութիւն, գծագրութիւն, արուեստի պատմութիւն: Մելգոնեան Հաստատութիւնը շնորհիւ պարոն Սեպուհ Աբգարեանի կազմակերպած մշակութային բազմաբնոյթ ձեռնարկներով , գաղութին կը ներշնչէր եռանդ, հայ ապրելու եւ հպարտանալու կորով: Բայց բոլորէն աւելի եւ բոլորէն աւելի կարեւորը,իր համեստ բնաւորութեամբ յարգուած էր բոլորէն: Արժանացած էր բոլորին անմնացորդ յարգանքին: Ընկերասէր եւ ընկերային անձնաւորութիւն մը: Հայ գիրի ու մշակոյթի եզակի նուիրեալ մը: Ինքնագովութիւնը,կեղծ համեստութիւնները խորթ էին անոր նկարագրին: Պարոն Աբգարեան կը հաւատար աշխատանքին եւ անսակարկ աշխատանքին: Ուսուցիչ չէր բառին իսկական առումով,այլ՝ գործընկեր, խորհրդատու եւ բարեկամ…:Արժանիքներ,որոնք դժուար կարելի է գտնել մեր այսօրուան իրականութեան մէջ: Մեզի զարմանք կը պատճառէր, այսպիսի եզակի բանիմաց, հմուտ,նուիրեալ անձնաւորութեան մը հեղինակութեան մասին Սփիւռքի քար լռութիւնը…:
Պիտի չմոռնամ այն տագնապը որ ապրած է 1974-ին, երբ թրքական օդանաւեր ռմբակոծեցին Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւնը: Պարոն Աբգարեանը իբրեւ ուսուցիչ առաջինը եղած է, որ վաստակած համեստ աշխտավարձէն գումար մը տրամադրած էր վերաշինութեան աշխատանքներուն, որպէսզի մինչեւ վերամուտ փակուէին ննջարաններու առաստաղին վրայ տեղացած ռումբերուն հետեքերը: Այս մէկը ուրիշներէն իմացանք… տարիներ ետք: Պիտի չմոռնամ նաեւայն տագնապը որ ապրեցաւ երբ փակուեցաւ մեր Անմահ Լուսոյ Փարոս Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւնը:
Ճակատագիրը սրբագրեց անոր դէմ վճռած այս անարդարութիւնը: Եկաւ ժամանակը եւ պարոն Սեպուհ Աբգարեանը իր արժանի տեղը գտաւ մեր մշակոյթի պատմութեան մէջ, երբ Խաչատուրեան ընտանիքը (ԳՈՀԱՐ, Յարութիւն, Շահէ եւ Նար ) արժանիօրէն զինք հրաւիրեցին գլխաւորելու նոյնքան եզակի ԳՈՀԱՐ համոյթը: ԳՈՀԱՐԸ եւ պարոն Սեպուհ Աբգարեանը միաձուլուեցան:Անոնց իւրովի եւ անսակարկ գործակցութիւնը մշակոյթի համաշխարհային երկնակամարին վրայ անջնջելի կնիքով դրոշմեց հայ երգն ու երաժշտութիւնը: Վկայ աշխարհի տարբեր ցամաքամասերու վրայ ԳՈՀԱՐ-ի աննախընթաց համերգներու շարքն ու արձանագրած յաջողութիւնները:
Համեստս,իբրեւ պարոն Սեպուհ Աբգարեանի ուսանողը, հոգեկան մեծ գոհունակութիւն կ’ապրէր ԳՈՀԱՐ-ի եւ պարոն Սեպուհ Աբգարեանի գործակցութեամբ…: Մարդը գտած էր իր արժանի տեղը:
Այսօր ժամանակը եկած է,որպէսզի պարոն Սեպուհ Աբգարեանը իր արժանի տեղի գտնէ հայ մշակոյթի անմահներու շարքին:
Այս տողերը՝ փունջ մը ծաղիկ քու անմահ շիրիմիդ վրայ, սիրելի ուսուցիչ եւ դաստիրարակ:
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ