Լեհաստանի մայրաքաղաք Վարշաւայի մէջ պիտի մեկնարկէ արագ եւ կայծակնային ճատրակի աշխարհի ախոյեանութիւնը:
Հայաստանի հաւաքականը շատ հաւանաբար տասնմէկ գրոյսմաստրով մասնակցի սոյն ախոյեանութեան: Հայաստանը պիտի ներկայացնեն Հայկ Մարտիրոսեանը, Գաբրիէլ Սարգսեանը, Մանուէլ Պետրոսեանը, Շանթ Սարգսեանը, Ռոպերթ Յովհաննիսեանը, Տիգրան Պետրոսեանը, Սամուէլ Տէր Սահակեանը, Յովհաննէս Գաբուզեանը, իսկ կանանց պայքարին՝ Էլինա Դանիէլեանը, Սուսաննա Գաբոյեանը եւ Մարիա Գէորգեանը:
26-28 դեկտեմբերին պիտի կայանայ արագ, իսկ 29-30ը՝ կայծակնային ճատրակի ախոյեանութիւնը: