Շաբաթ, 30 հոկտեմբեր 2021-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին Այնճարի «Սարգիս Զէյթլեան» ժողովրդային տան «Մովսէս Տէր Գալուստեան» սրահը ժամադրավայրն էր Այնճարի մշակութասէր հասարակութեան, որոնք եկած էին մասնակից դառնալու բազմավաստակ եւ քաջ հոգեւորական, անխոնջ կրթական մշակ եւ մտաւորական Վարուժան արք. Հերկելեանի հրատարակուած վերջին երեք` «Ես այս գիշեր» 1, 2, 3 հատորներուն գինեձօնի արարողութեան:
Հանդիսութեան բացումը կատարեց Համազգայինի Այնճարի «Պ. Սեւակ» մասնաճիւղի մշակութային յանձնախումբի ներկայացուցիչ Շաղիկ Պէրպէրեան, որ անդրադառնալով սրբազան հօր տարած երկարամեայ ազգօգուտ աշխատանքին` շեշտեց, որ «Ես այս գիշեր» երեք գիրքերով արտայայտուած անոր հոգեմտաւոր ապրումները նորանոր պատգամներ կը պարփակեն եւ արժանի են ամէն գնահատանքի:
Տեսերիզի ցուցադրութեամբ եւ Նարէ Պուրսալեանի ընթերցանութեամբ ներկայացուելէ ետք սրբազան հօր բազմաբովանդակ կենսագրականը, յաջորդաբար հանգամանօրէն ներկայացուեցան երեք գիրքերը` Մեսրոպ Քենտիրճեանի, Եսայի Հաւաթեանի եւ Համբիկ Պիլալեանի կողմէ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը իրեն յատուկ ոճով եւ վերլուծումով անդրադարձաւ` սրբազան հօր հոգեկան խռովքներուն, անարդարութեան դէմ պոռթկումին, երազներուն, խրատներուն եւ մանաւանդ խորհրդաւոր պատգամներուն:
Պէտք է ըսել, որ հատորներէն իւրաքանչիւրը ունէր իր կիզակէտը. առաջինը գիւղն էր եւ մասնաւորաբար Այնճարը` պապիկի եւ թոռնիկի փոխյարաբերութեամբ ու պատգամով, համագիւղացիներու նիստ ու կացով ու դրական թէ ժխտական սովորութիւններով, բայց մանաւանդ` ազգային ոգին ու իրական արժէքները պահելու ու նորանոր սերունդներուն ժառանգ ձգելու խորհուրդով:
Երկրորդը Արցախի վերջին պատերազմի ազդեցութեան լոյսին տակ գրուած անարդարութեան դէմ քաջ եւ խրոխտ հոգեւորականի պոռթկումի արտայայտութիւնն էր, որ հեքիաթախառն պատումով խորհրդաւոր գիշերներու ընթացքին տեսնուած երազներու շարան մըն էր` ուղեկցուած երազներու հողին կառչած Արցախի «Մամիկ ու Պապիկ»-ով եւ լուսաճաճանչ լուսակերտ հասնելու ձգտումով…
Երրորդ հատորին Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան շուրջ համախմբուած մեր հոգեւորականութեան արժեհամակարգի գոյութիւնն է, անոնց տարած ազգօգուտ հսկայածաւալ աշխատանքն ու ծառայութիւնն է, բայց միեւնոյն ժամանակ Վարուժան սրբազանին համարձակ ու սուր խօսքն ու քննադատութիւնն է` հայ հոգեւորականին ու քրիստոնէական արժէքներու խոտոր համեմատող երեւոյթներուն:
Ձեռնարկի գեղարուեստական բաժնին իրենց մասնակցութիւնը բերին Զաքար Քէշիշեան, որ սրինգով նուագեց Արցախի «Հոռովել»-ն ու «Օտար ամայի ճամբէքի վրայ» եւ ընկ. Արտակ Կօքճեան, որ ասմունքեց Ժագ Ս. Յակոբեանի «Տղերք» բանաստեղծութիւնը:
Գինեձօնի արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Պեքաայի հայութեան հոգեւոր տեսուչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանի առաջնորդութեամբ, Այնճարի հոգեւոր հայրերու, ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի ներկայացուցիչին, Այնճարի քաղաքապետին, Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի ատենապետին եւ զեկուցաբերներու մասնակցութեամբ:
Հանդիսութիւնը եզրափակուեցաւ Վարուժան արք. Հերկելեանի սրտի խօսքով, որուն մէջ ան իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնելէ ետք Այնճարի Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի վարչութեան, կարեւոր նկատեց հայ գիրքի անփոխարինելի դերակատարութիւնը հայոց պատմութեան ընթացքին եւ իբրեւ պատգամ` առաջարկեց մեր դպրոցներուն, միութիւններուն եւ պատասխանատուներուն ընթերցանութեան սէրը վառ պահել մեր նորահաս սերունդին մէջ: