Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին վարչապետարանին մէջ նախագահեց նիստի մը, որ յատկացուած էր աշակերտներուն ապահով վերամուտ ապահովելու:
Նիստին ընթացքին քննարկուեցան պետական դպրոցներու ուսուցիչներուն պահանջները: Ներկայ գտնուեցան կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Ապպաս Հալապի, ելեւմուտքի նախարար Եուսեֆ Խալիլ, հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Ճոնի Քըրըմ, առողջապահութեան նախարար Ֆիրաս Ապիատ, ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ուալիտ Ֆայեատ, հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ալի Համիէ, նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Մահմուտ Մաքիէ, կրթութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Ֆատի Եարաք եւ վարչապետի գրասենեակի տնօրէն Ժամալ Քարիմ:
Նիստէն ետք Հալապի յայտնեց, որ Լիբանանի օժանդակ երկիրներէն աւելի քան 70 միլիոն տոլար նուիրատուութիւն գոյացած է` յօգուտ կրթութեան մարզին, պայմանով որ 2021-2022 կրթական տարեշրջանի վերամուտ յայտարարուի եւ դասընթացքները աշակերտներուն ներկայութեան կատարուին:
Հալապի նշեց, որ այս նիստը գումարուած է պետական դպրոցներուն վերամուտը 11 հոկտեմբերին յատարարելու լոյսին տակ` աւելցնելով, որ ուսուցիչներուն պահանջները արդարացի են, իսկ ելեւմուտքի նախարարը դրական էր այդ պահանջները իրականացնելու իմաստով: