«Վարչապետ Միքաթիի հիմնական մտահոգութիւնը ելեկտրականութիւնն է, եւ ինչ որ հասկցայ` այս գծով դրական նշաններ կան Իրաքէն, Յորդանանէն ու Եգիպտոսէն», յայտարարեց երէկ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի վարչապետ Նեժիպ Միքաթիին տուած իր այցելութեան առիթով:
Երեսփոխան Բագրատունի նշեց, թէ վարչապետ Միքաթիի հետ խորհրդակցած է երկրի ընկերային հարցերուն շուրջ: «Ներկայիս վարչապետը լծուած է լուրջ աշխատանքի եւ ան խորհրդակցութիւններ կ՛ունենայ նախարարական յանձնախումբերու հետ, առաջնահերթ կարեւորութիւն տալով բարեկարգչական եւ ելեւմտական հարցերուն` միջազգային ընտանիքին հետ, յատկապէս` Միջազգային դրամական ֆոնտին եւ Համաշխարհային դրամատան հետ», նշեց Բագրատունի` դիտել տալով, որ վարչապետ Միքաթի ի մտի ունի նաեւ դրամատուներու մէջ պահ դրուած գումարները իրենց տէրերուն վերադարձնելու ծրագիր մը, «որուն գծով վարչապետը լիայոյս է»:
«Իսկ քաղաքական առումով, անցեալէն կուտակուած հարցեր կան, եւ վարչապետ Միքաթի իր ողջմտութեամբ, համբերութեամբ եւ հետեւողական ջանասիրութեամբ կը ջանայ հարթել այս հարցերը, իսկ ինչ կը վերաբերի կառավարութեան նիստերու գումարման` նկատեցի, որ դրական նախանշաններ կան այս գծով», ընդգծեց երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի»: