Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի, Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանի եւ Հանրապետութեան բարձրագոյն ղեկավարութեան ընկերակցութեամբ այցելած է «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն` յարգանքի տուրք մատուցելու հայրենիքի անկախութեան համար իրենց կեանքը զոհաբերած հայորդիներու յիշատակին:
Վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Փաշինեանը ծաղիկներ զետեղած է սպարապետ Վազգէն Սարգսեանի, զօրավար Անդրանիկ Օզանեանի շիրիմներուն եւ ծաղկեպսակ` զոհուած ազատամարտիկներու յիշատակը յաւերժացնող յուշահամալիրին: