ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արցախի կարգավիճակին վերաբերեալ որոշում կայացնելու միջոց կը նկատէ ժողովրդի կամարտայայտութիւնը՝ հանրաքուէն: Ազգային ժողովի պատգամաւորներու եւ կառավարութեան անդամներու միջեւ հարցում-պատասխանի ընթացքին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Չորեքշաբթի, 12 Սեպտեմբերին նման տեսակէտ յայտնեց՝ անդրադառնալով ՀՅԴ անդամ Արմինէ Կիւրեղեանի հարցումին:
Փաշինեան աւելցուց, որ ինք հրապարակաւ խօսած է նաեւ հանրաքուէները հիմնաւորապէս ուժեղացնելու մասին:
«Բնականաբար, Արցախի կարգավիճակը պէտք է որոշուի ժողովրդի կամարտայայտմամբ: Ես կարծում եմ‘ հասկանալի է, որ նման հարցերը պէտք է լուծուեն համաժողովրդկան քուէարկութեան միջոցով: Եթէ ես եւ կառավարութիւնը մտածենք, որ որեւէ տարբերակ կայ, որն արժէ ներակայացնել ժողովրդին, ապա այդ ներկայացման տարբերակը հանրաքուէն է», նշեց Փաշինեան եւ աւելցուց, որ հանրահաւաքները այդ համաժողովրդական հանրաքուէի նախապատրաստութեան, քարոզչութեան շրջանն են, որ օրէնքով նախատեսուած է:
Վարչապետը շեշտեց, որ հասկանալի է, որ այդ կարգի հարցերը պէտք է ժողովուրդի կամարտայայտութեամբ լուծուին: Փաշինեան նկատեց, որ հանրահաւաք կարելի է իրականացնել, սակայն այս չի նշանակեր, որ մէկ հանրահաւաքով կարելի է որոշել Արցախի հարցի ճակատագիրը: