ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի մօտ ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներու հաւատարմագրուած դեսպաններուն հետ: Այս մասին կը տեղեկացնէ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը:
Հանդիպման ընթացքին վարչապետը մանրամասնօրէն անդրադարձաւ Սահմանադրական դատարանին իրավիճակին, սահմանադրութեան փոփոխութիւններու յառաջիկայ հանրաքուէին եւ անոր իրականացման հանգամանքներուն:
Նիկոլ Փաշինեան խօսեցաւ նաեւ Հայաստանի կառավարութեան բարեփոխումներու լայն օրակարգին, տեղի ունեցող ժողովրդավարական փոփոխութիւններուն եւ զեղծարարութեան դէմ կառավարութեան որդեգրած քաղաքականութեան մասին:
Կառավարութեան ղեկավարը պատասխանեց նաեւ դեսպանները հետաքրքրող զանազան հարցումներու։