ԵՐԵՒԱՆ.- Արդարադատութեան նախարարութիւնը հանրային քննարկման ներկայացուցած է «Պետական կառավարման համակարգի մարմինների մասին» Հայաստանի օրէնքի նախագիծը, ուր մասնաւորապէս կը սահմանուի, որ վարչապետը պէտք է ունենայ 4 ենթակայ մարմիններ՝ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը (ԱԱԾ), Ոստիկանութիւնը, Պետական պահպանութեան ծառայութիւնը եւ Պետական վերահսկողական ծառայութիւնը:
Ըստ նախագիծին՝ կառավարութեան ենթակայ պիտի ըլլան 12 մարմիններ՝ Պետական եկամուտներու կոմիտէն (ՊԵԿ), Քաղաքաշինութեան կոմիտէն, Միջուկային անվտանգութեան կարգաւորման կոմիտէն, Վիճակագրական կոմիտէն, Առողջապահական տեսչական մարմինը, Հրդեհային եւ տեխնիկական (գիտարուեստական) անվտանգութեան տեսչական մարմինը, Բնապահպանական եւ ընդերքի տեսչական մարմինը, Գիւղատնտեսական տեխնիկայի տեսչական մարմինը, Վառելանիւթի տեսչական մարմինը, Կրթութեան տեսչական մարմինը, Շուկայի վերահսկողութեան տեսչական մարմինը եւ փոխադրամիջոցներու տեսչական մարմինը:
Օրէնքը կը նախատեսէ, որ նախարարութիւններուն ենթակայ մարմիններու թիւը ըլլայ 18ը՝ Հարկադիր կատարումը ապահովող ծառայութիւնը, Քրէակատարողական (բանտ) ծառայութիւնը, Պրոբացիոն (probation) ծառայութիւնը, Սննդամթերքի անվտանգութեան ծառայութիւնը, Փրկարար ծառայութիւնը, Սոցիալական (ընկերային) ապահովութեան ծառայութիւնը, Պետական արարողակարգի ծառայութիւնը, գաղթականական ծառայութիւնը, Ջրային կոմիտէն, Գիտութեան կոմիտէն, Քաղաքացիական թռիչքներու կոմիտէն, Զբօսաշրջութեան կոմիտէն, Ռազմարդիւնաբերական կոմիտէն, Անշարժ գոյքի «կադաստր»ի կոմիտէն, Պետական գոյքի կառավարման կոմիտէն, Բարձրագոյն որակաւորման կոմիտէն, Անտառային կոմիտէն եւ Լեզուի կոմիտէն:
Բացի այդ, արդարադատութեան նախարարութիւնը ներկայացուցած է նաեւ «Ոստիկանութեան մասին» օրէնքի փոփոխութիւնները, ըստ որոնց՝ ոստիկանութիւնը նոր Սահմանադրութեամբ կառավարութեան առընթեր մարմնէն կը վերածուի վարչապետին ենթակայ մարմինի:
Ըստ այդմ, ոստիկանութեան կանոնադրութիւնը պիտի հաստատուի եւ աշխատողներու առաւելագոյն թուաքանակը պիտի սահմանէ վարչապետը: Ոստիկանութեան պետը ոստիկանութեան կառուցուածքի եւ թուաքանակի սահմաններուn մէջ իրաւասու է ստեղծելու ոստիկանութեան ենթակառուցուածքային ստորաբաժանումներ: Ոստիկանութեան պետը կը նշանակէ եւ կը պաշտօնազրկէ վարչապետը:
Ոստիկանութեան զօրքերու հրամանատարը վարչապետին առաջարկութեամբ կը նշանակէ եւ կը պաշտօնազրկէ Հանրապետութեան նախագահը:
Նշենք, որ Սահմանադրութեամբ՝ վարչապետի թեկնածուները կ՛առաջադրուին խորհրդարանական խմբակցութիւններուն կողմէ, վարչապետ կ՛ընտրուի այն թեկնածուն, որ կը ստանայ Ազգային ժողովի պատգամաւորներու ձայներուն կէսէն աւելին:
Վարչապետի ընտրութեան օրէն սկսած՝ 15 օրերու ընթացքին պէտք է ձեւաւորուի կառավարութիւն:
Առաջարկուած օրինագիծով՝ վարչապետը կ՛որոշէ կառավարութեան ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան հիմնական ուղղութիւնները:
Վարչապետը կը ղեկավարէ կառավարութեան գործունէութիւնը եւ կը համակարգէ կառավարութեան անդամներու աշխատանքը, կը հետեւի ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան հիմնական ուղղութիւններու իրականացման, կ՛ապահովէ կառավարութեան գործունէութեան միասնականութիւնը:
Վարչապետը իրաւասու է ընդլայնելու նախարարութիւններուն գործունէութեան ոլորտը:
Առաջարկուած օրինագիծով սահմանուած են նաեւ նախարարներու լիազօրութիւնները: Նախարարը ինքնուրոյն կը ղեկավարէ նախարարութիւնը, իրեն վերապահուած գործունէութեան ոլորտը, ինքնուրոյն կը մշակէ եւ կ՛իրականացնէ նախարարութեան վերապահուած ոլորտի քաղաքականութիւնը, կ՛իրականացնէ նախարարութեան ենթակայ մարմիններու, ինչպէս նաեւ նախարարութեան ենթակայ կազմակերպութիւններու ընդհանուր ղեկավարումը եւ վերահսկողութիւն կ՛իրականացնէ անոնց նկատմամբ: