Հանրապետութեան նախագահութեան կողմէ երէկ հրապարակուեցաւ հրամանագիր մը, որուն հիման վրայ վարչապետի նշանակման երեսփոխանական պարտադիր խորհրդակցութիւնները տեղի պիտի ունենան հինգշաբթի, 23 յունիս 2022-ին, նախագահական պալատին մէջ:
Հրամանագիրին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երեսփոխանները պիտի ընդունի առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 5:00:
Հայկական երեսփոխանական պլոքը եւս իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ խորհրդակցութիւններուն:
Միւս կողմէ, ամերիկեան աղբիւրներ «Էլ. Պի. Սի. Այ.» պատկերասփիւռի կայանին հաղորդեցին, թէ Լիբանան-Իսրայէլ ծովային սահմանագծումի անուղղակի բանակցութիւններու ամերիկացի բանագնաց Էյմըս Հոքշթայն պիտի ընկերակցի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի կատարելիք միջինարեւելեան շրջապտոյտին:
Նոյն աղբիւրները հաստատեցին, որ սահմանագծումի թղթածրարը Պայտընի քննարկելիք օրակարգին վրայ չի գտնուիր:
Ամերիկեան աղբիւրներ աւելցուցին, որ Հոքշթայն իր խորհրդականները պիտի նշանակէ` հետեւելու սահմանագծումի թղթածրարին, Պայտընի իր ընկերակցութեան ընթացքին: Անոնք հաստատեցին, որ սահմանագծումի թղթածրարին իմաստով ոչ մէկ յառաջխաղացք արձանագրուած է` աւելցնելով, որ իսրայէլացիները թիւ 1 սահմանագիծին մասին իրենց կարծիքը չեն փոխած, այլ` թիւ 1 սահմանագիծին հարաւային բաժինը Լիբանանի համար շահ կը նկատեն: