Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի ողջունեց Ժետտայի վեհաժողովին կեցուածքները, յատկապէս Լիբանանին նեցուկ կանգնելու, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակին ու ապահովութեան ուժերուն զօրակցելու առումով, որպէսզի անոնք կարենան լիբանանեան պետութեան գերիշխանութիւնը պարտադրել ամբողջ երկրին տարածքին:
Միքաթի դրուատեց նաեւ Ժետտայի վեհաժողովին կոչը` Լիբանանի բարեկամ երկիրներուն, որպէսզի անոնք օժանդակեն Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը երաշխաւորելու ջանքերուն:
Միւս կողմէ, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան տեղեկատուական խորհուրդը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կը նշուի, թէ Ժետտայի վեհաժողովէն բխած պաշտօնական հաղորդագրութիւնը` Լիբանանին զօրակցելու առումով, ողջունելի է:
Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հաղորդագրութիւնը կը նշէ նաեւ, որ Լիբանան չի կրնար որեւէ օժանդակութենէ օգտուիլ, եթէ պէտք եղած բարեկարգումները չգործադրէ: «Երկրին քայքայումէն իսկապէս դուրս գալու համար կարիքը կայ տնտեսական եւ ելեւմտական բարեկարգումի ամբողջական ծրագիր մը գործադրելու քաղաքական կամքի», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:
Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը կը դրուատէ նաեւ Լիբանանի գերիշխանութեան եւ ապահովական կայունութեան զօրակցելու տրամադրութիւնը` աւելցնելով, որ անիկա կը համընկնի Լիբանանի բնական հարստութեան իրաւունքը ամբողջական կերպով օգտագործելու Ազգային ազատ հոսանքի կեցուածքին, ինչպէս նաեւ կը համընկնի սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձը ապահովելու Ազգային ազատ հոսանքին կեցուածքին, որպէսզի կարելի ըլլայ երկրի ազգային տնտեսութենէն հսկայ բեռ մը նուազեցնել:
Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը հաստատեց իր յանձնառութիւնը արաբական բոլոր երկիրներուն հետ յարաբերութիւնները պահպանելու` բաց գործակցութեամբ եւ փոխադարձ յարգանքի հիման վրայ, ինչպէս նաեւ Լիբանանը զերծ կացուցելով տագնապներէն, որոնք իրեն չեն վերաբերիր:
Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը կոչ ուղղեց Իրանի եւ Ծոցի երկիրներուն միջեւ երկխօսութիւն կատարելու, Սուրիան վերադարձնելու Արաբական լիկա, ինչպէս նաեւ երկխօսութիւնը որդեգրելու իբրեւ միակ միջոց` տագնապները եւ տարակարծութիւնները լուծելու: