Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Իրաքի ճարտարարուեստի նախարար Մունհալ Ազիզ Խապպազը` ընկերակցութեամբ լիբանանցի իր պաշտօնակիցին` Ճորճ Պուչիքեանի, Իրաքի մէջ Լիբանանի դեսպան Ալի Հըպհապի եւ Լիբանանի մէջ Իրաքի դեսպան Հայտար Պարրաքի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան փոխադարձ գործակցութիւնը աշխուժացնելու հեռանկարները:
Հանդիպումէն ետք Ճ. Պուչիքեան յայտնեց, որ լիբանանեան-իրաքեան գործակցութիւնը հեզասահ կ՛ընթանայ` աւելցնելով, որ մօտիկ ապագային լիբանանեան պաշտօնական պատուիրակութիւն մը` վարչապետ Միքաթիի գլխաւորութեամբ, պիտի այցելէ Իրաք, որպէսզի կարելի ըլլայ աշխուժացնել գործակցութիւնը եւ զայն ճիշդ հունի մէջ զետեղել` զոյգ երկիրներուն շահերը ապահովելու նպատակով:
Իր կարգին, Խապպազ յայտնեց, որ իրենք ճարտարարուեստի մարզին առումով Լիբանանի եւ Իրաքի միջեւ գործակցութեան համաձայնագիրին առումով կարգ մը դիտողութիւններ ներկայացուցած են, ինչպէս նաեւ քննարկած են փոխադարձ առեւտուրի հորիզոններ ստեղծելու եւ գործակցելու կարելիութիւնները:
Խապպազ յայտնեց, որ լիբանանեան պաշտօնական պատուիրակութեան Իրաք այցելութեան լոյսին տակ երկկողմանի յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը աւելի եւս պիտի ամրապնդուին` աւելցնելով, որ Իրաքի կառավարութիւնը Լիբանանին նեցուկ կը կանգնի եւ անոր կ՛օժանդակէ:
Խապպազ յայտնեց, որ Պաղտատի մէջ իր եւ նախարար Պուչիքեանի միջեւ ստորագրուած համաձայնագիրին լոյսին տակ Պէյրութ-Պաղտատ գործակցութիւնը աւելի աշխուժացած է եւ հետզհետէ յաւելեալ աշխուժութիւն պիտի ապրի ու հունի մէջ մտնէ:
Խապպազ ընդգծեց, որ ճարտարարուեստի մարզին մէջ փոխադարձ գործակցութեան ոչ մէկ խոչընդոտ կայ:
Իր կարգին, նախարար Պուչիքեան հաստատեց, որ երկու կառավարութիւնները շատ արագ կը վերացնեն բոլոր արգելքները:
Նշենք, որ իրաքեան պատուիրակութիւնն ու նախարար Պուչիքեան այցելեցին նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի:
Այն Թինէի մէջ Խապպազ հաստատեց, որ յառաջիկայ փուլը պիտի ըլլայ երկկողմանի գործակցութիւնը ամրապնդելու փուլ մը, յատկապէս ճարտարարուեստի մարզին մէջ: