ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղիին մէջ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հանդիպում ունեցած է Լիբանանի նախագահ Միշել Աունի հետ:
Զրուցակիցները կարեւոր նկատած են հայ-լիբանանեան աւանդական բարեկամական յարաբերութիւններու շարունակական զարգացումը եւ գոհունակութիւն յայտնած երկկողմանի քաղաքական համագործակցութեան բարձր մակարդակին համար: Կողմերը կարեւոր նկատած են տնտեսութեան մարզին մէջ կապերու խորացումն ու առեւտրական շրջանառութեան ծաւալներու աւելացումը` այդ առումով ընդգծելով գործարար ֆորումներու կազմակերպման անհրաժեշտութիւնը:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ նախագահ Միշել Աուն քննարկած են զանազան մարզերու մէջ փոխադարձ գործակցութեան խթանման վերաբերող հարցեր եւ անդրադարձած Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան յառաջիկայ վեհաժողովի նախապատրաստական աշխատանքներուն:
Լիբանանի նախագահը վերահաստատած է իր մասնակցութիւնը վեհաժողովին եւ համոզում յայտնած, որ անիկա պիտի կայանայ բարձր մակարդակով:
Զրուցակիցները երկկողմանի կապերու ընդլայնման գործին մէջ կարեւոր նկատած են Լիբանանի հայ համայնքի դերը: Նախագահ Միշել Աուն ընդգծած է, որ տեղւոյն հայ համայնքը իր երկրի տարբեր մարզերուն մէջ ունի կարեւոր դերակատարութիւն եւ յաջողութեամբ կը նպաստէ պետութեան զարգացման եւ յառաջընթացին: