ԵՐԵՒԱՆ.- Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Երեւանի Ալեքսանդր Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ, Երեքշաբթի, 24 Յուլիսին ներկայ գտնուեցաւ ՀՄԸՄի հիմնադրման 100ամեակին նուիրուած ձեռնարկին:
Վարչապետը ՀՄԸՄի բոլոր անդամները ջերմօրէն շնորհաւորեց միութեան 100ամեակին առթիւ եւ խորհրդանշական համարեց, որ յոբելենական ձեռնարկը տեղի կ՛ունենայ Հայաստանի Հանրապետութեան համար քաղաքական բուռն իրադարձութիւններու ժամանակաշրջանին:
Կը ներկայացնենք վարչապետ Փաշինեանի սոյն ձեռնարկին ընթացքին արտասանած խօսքը.
«Թոյլ տուէք ասել, որ վերջերս Հայաստանում տեղի ունեցած ոչ բռնի, թաւշեայ, ժողովրդական յեղափոխութիւնն ըստ էութեան կեանքի է կոչել ՀՄԸՄի կարգախօսը՝ բարձրացիր եւ բարձրացրու: Ի՞նչ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութիւնում. խեղճացած, կռացած քաղաքացին վեր կացաւ, բարձրացաւ եւ բարձրացրեց իր հայրենիքը, իր հայրենիքի անունը, իր կարգավիճակը սեփական հայրենիքում եւ այսօր Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացին ամուր կանգնած է իր ոտքերի վրայ՝ ուղիղ ողնաշարով եւ հպարտ հայեացքով: Սա շատ կարեւոր ձեռքբերում է, բայց սա ամէնը չէ, ինչին մենք ուզում ենք հասնել: