Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Հինգշաբթի օր անձամբ գնաց քաղաքական բանտարկեալները ազատ արձակելու պահանջով 31 օրէ ի վեր հացադուլի մէջ եղող Գարեգին Չուգասզեանի մօտ: Վարչապետին հետ զրոյցէն ետք Չուքասզեան վերջ տուաւ հացադուլին: Նախապէս Չուգասզեանին հացադուլին վերջ տալու յորդորով դիմած էին նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը: