Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ երեկոյեան պաշտօնապէս յայտարարեց Մուսթաքպալ հոսանքի ընտրական կարգախօսն ու Մուսթաքպալի թեկնածուները:
Հարիրի շնորհակալութիւն յայտնեց Մուսթաքպալ հոսանքի բոլոր այն երեսփոխաններուն, որոնք 2018-ի ընտրութիւններուն համար իրենց թեկնածութիւնը չեն առաջադրած:
«Մենք կը գնահատենք անոնց աշխատանքը խորհրդարանին, Մուսթաքպալ պլոքին եւ քաղաքական ասպարէզին մէջ», ըսաւ Հարիրի` շնորհակալութեան յատուկ խօսք յայտնելով նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի, որ նախընտրեց երեսփոխանական ընտրութիւններուն չմասնակցիլ:
Ան նշեց, որ ինք միասին պիտի մնայ Սինիորայի հետ Մուսթաքպալ հոսանքի հսկայ դպրոցին մէջ, որ հիմնուած է իր հօր` նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի կողմէ:
Հարիրի յայտնեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքի թեկնածուները երկսեռ են, եւ գրեթէ բոլոր տարիքներէ: «Անոնք բոլորը պիտի ծառայեն Լիբանանին եւ երկրին փայլուն ապագային», ըսաւ Հարիրի:
Ան կոչ ուղղեց բոլորին ընտրելու Մուսթաքպալ հոսանքի թեկնածուները, որոնք չափաւորականութեան, ազգային համերաշխութեան եւ պետականութեան թեկնածուներն են: «Մեր ազգային պարտականութիւնն է պաշտպանել Լիբանանը` անոր ապահովութիւնն ու ընկերային ու տնտեսական անվտանգութիւնը: Եթէ Մուսթաքպալի թեկնածուներուն ի նպաստ քուէարկէք, ձեր քուէները ինծի` Սաատ Ռաֆիք Հարիրիին շնորհած կ՛ըլլաք», ըսաւ վարչապետ Հարիրի` աւելցնելով, որ իր համակիրներուն եւ ժողովուրդին սէրը իր կուրծքը զարդարող շքանշանն է:
Ան նշեց նաեւ, որ Մուսթաքպալ հոսանքի կարգախօսն է. «Մենք Լիբանանը պաշտպանող կապոյտ աչքն ենք»:
Ապա վարչապետ Հարիրի յայտարարեց ամբողջ Լիբանանի տարածքին Մուսթաքպալ հոսանքի թեկնածուներուն անունները` աւելցնելով, որ Մուսթաքպալ հոսանքին զօրակցութիւնը վայելող ընտրացանկերը աւելի ուշ պիտի յայտարարուին:
Սայտա-Ժեզզինի մէջ Մուսթաքպալի թեկնածուներն են. Պահիա Հարիրի եւ Հասան Շամսէտտին:
Շուֆ-Ալէյի մէջ` Մոհամետ Հաժժար եւ Ղաթթաս Խուրի:
Արեւմտեան Պեքաա-Ռաշայայի մէջ` Մոհամետ Քարաաուի, Ամին Ուեհպէ եւ Զիատ Քատիրի:
Զահլէի մէջ` Ասեմ Արաժի, Նիզար Տալլուլ եւ տակաւին ոմանք, որոնց անունները չեն ճշդուած:
Պաալպեք-Հերմելի մէջ` Հիւսէյն Սոլհ եւ Պատր Հուժէյրի:
Թրիփոլի-Մընիէ-Տըննիէի մէջ` Մոհամետ Քապպարա, Սամիր Ժսըր, Տիմա Ժամալի, Նաամէ Մահֆուտ, Լէյլա Շհուտ, Շատի Նաշշապէ, Ուալիտ Սաուալհի, Ժորժ Պքասինի, Քասեմ Ապտել Ազիզ, Սամի Ֆաթֆաթ եւ Օսման Ալամէտտին:
Աքքարի մէջ` Թարեք Մերեհպի, Ուալիտ Պաարինի, Մոհամետ Սլէյման, Հատի Հպէյշ, Խտըր Հապիպ եւ Ժան Մուսա:
Պէյրութ Բ.-ի մէջ` Թամմամ Սալամ, Նուհատ Մաշնուք, Ռուլա Թապաշ-Ժարուտի, Ղազի Եուսեֆ, Ռապիհ Հասսունա, Պասեմ Շապ, Նազիհ Նաժըմ, Զահեր Ուալիտ Իտօ եւ Սաատ Հարիրի:
Վարչապետարանին Մէջ
Վարչապետ Հարիրի երեկոյեան ժամը 7:00-ին վարչապետարանին մէջ նախագահեց 2018-ի պետական ամավարկի յատուկ նախարարական յանձնախումբի նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան նախարարներ Ալի Հասան Խալիլ, Ռաէտ Խուրի, Ժամալ Ժարրահ, Միշել Ֆարաոն, Փիեռ Ապու Ասի, Այման Շքէյր, Մոհամետ Ֆնէյշ եւ Եուսեֆ Ֆընիանոս, ինչպէս նաեւ նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Ֆուատ Ֆլայֆել:
Կառավարութիւնը այսօր կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին վարչապետարանին մէջ պիտի գումարէ իր նիստը` վաւերացնելու համար 2018-ի պետական ամավարկը: