Մինչ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը երէկ հրապարակեց յայտարարութիւն մը, թէ յառաջիկայ 5 տարիներուն համար Լիբանան կարիքը ունի 10-15 միլիառ տոլար արժողութեամբ նիւթական արտաքին օժանդակութեան` կարենալ դիմակայելու համար ելեւմտական իր տագնապը, կառավարութիւնը երէկ յետմիջօրէին վարչապետարանին մէջ գումարեց իր նիստը, նախագահութեամբ վարչապետ Հասսան Տիապի:
Կառավարութիւնը շարունակեց քննարկել իր մշակած ելեւմտական բարեկարգումի ծրագիրը: Երեկոյեան ժամը 8:00-ին աւարտած նիստէն ետք ոչ մէկ յայտարարութիւն կատարուեցաւ:
Միւս կողմէ, վարչապետ Տիապ երէկ կէսօրին այցելեց «Սփինիզ» սննդամթերքի վաճառատունը` ընկերակցութեամբ ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մոհամետ Ֆահմիի, տնտեսութեան ու առեւտուրի նախարար Ռաուուլ Նաամէի եւ իր խորհրդականին` Խտըր Թալեպի:
Վարչապետ Տիապ յայտնեց, որ իր այցելութեան նպատակն է ստուգել վաճառատան մէջ գտնուող ուտեստեղէնի սակերը, ինչպէս նաեւ լսեց քաղաքացիներուն կարծիքները: Ան հաստատեց, որ այս այցելութիւնը առաջինն է` աւելցնելով, որ ինք պիտի շարունակէ նման այցելութիւններ` սակերուն մասին գաղափար մը կազմելու համար:
«Այս իմաստով խիստ վերաբերում պիտի ունենանք` զսպելու համար սղաճը: Լիբանանի հիւսիսէն մինչեւ հարաւ, բոլոր քաղաքացիներուն սնունդի ապահովութիւնը կարմիր գիծ է», ըսաւ Տիապ: Ան շեշտեց, որ կառավարութիւնը ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ, որ Լիբանանի կատարած տարեկան 18 միլիառ տոլարի ներածումը նուազեցնէ եւ արտածած տարեկան 3 միլիառ տոլարի համեմատութիւնը բարձրացնէ` օժանդակելով երկրագործութեան եւ ճարտարարուեստի մարզերուն:
Վարչապետ Տիապ, ընկերակցութեամբ նախարար Ֆահմիի, ուղղուեցաւ նաեւ Սահմանադրական խորհուրդի կեդրոն, ուր ներկայացուց իր ինչքերուն եւ ունեցուածքին մասին հաստատագիր մը: Տիապ յայտնեց, որ իրենք կը հաւատան պետական հաստատութիւններուն աշխատանքներուն` հաստատելով, որ կառավարութեան համար կարեւոր է Լիբանանի մէջ անկախ գործող դատական իշխանութիւն ըլլայ, եւ ընդգծեց, որ մօտիկ ապագային դատական մարզի նշանակումները պիտի կատարուին:
Նշենք, որ վարչապետ Տիապ երէկ ընդունեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Սթեֆանօ Տել Քոլը, ներկայութեամբ` փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Զէյնա Աքրի եւ լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութեան տնօրէն գնդապետ-զօրավար Թոնի Մանսուրի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի տարած աշխատանքները, ինչպէս նաեւ վերջերս «Քորոնա» ժահրի տարածումը կանխարգիլելու իմաստով անոր ի գործ դրած ջանքերը:
Տել Քոլ յայտնեց, որ սահմանային Կապոյտ Գիծը խաղաղ է ու կայուն` աւելցնելով, որ լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ գործուած իսրայէլեան ոտնձգութիւններուն մասին ինք բողոքագիրներ յղած է ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարութեան եւ Ապահովութեան խորհուրդին` հաստատելով, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին օժանդակութեամբ պէտք է վերջ դրուի Լիբանանի դէմ իսրայէլեան ոտնձգութիւններուն:
Վարչապետ Տիապ ողջունեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին կատարած այն յայտարարութիւնը, թէ «Քորոնա»-ի ճգնաժամին ընթացքին պէտք է զինեալ բախումներուն վերջ տալ: Ան խստիւ դատապարտեց Լիբանանի գերիշխանութեան դէմ իսրայէլեան ուժերուն արձանագրած ոտնձգութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան օդային սահմանները օգտագործելով այլ երկիր մը ռմբակոծելու արարքները, եւ շեշտեց, որ անոնք խախտում են նաեւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ուղղած կոչին:
Տիապ ընդգծեց, որ Լիբանան լուռ պիտի չմնայ իր գերիշխանութեան դէմ մնայուն կերպով գործուող իսրայէլեան ոտնձգութիւններուն դիմաց: «Իմ կառավարութիւնս խստիւ կը մերժէ այս ընթացքը եւ բացայայտօրէն կը պահանջէ ՄԱԿ-էն միջամտել` կասեցնելու համար Իսրայէլի այս ընթացքը», ըսաւ Տիապ` աւելցնելով, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան: