Վարչապետ Հասսան Տիապ երէկ ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին ընդգծեց քաղաքացիական անվտանգութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը, որովհետեւ կայունութեան որեւէ խախտումի գինը պիտի վճարեն համայն լիբանանցիները, եւ ոչ թէ քաղաքական կողմ մը կամ միայն շրջան մը:
Տիապ հաստատեց, որ քաղաքացիական անվտանգութիւնը ազգային պատասխանատուութիւն է եւ քաղաքական բոլոր ուժերուն պատասխանատուութիւնն է, եւ ոչ միայն` կառավարութեան: «Հետեւաբար, ոչ ոք կրնայ այդ պատասխանատուութենէն խուսափիլ», ըսաւ ան:
Տիապ հաստատեց, որ շաբաթ գիշեր պատահածը զգուշացման ահազանգ մըն էր, որ պէտք է մղէ քաղաքական լարուածութիւն հրահրող բառամթերքին վերջ տալու:
Վարչապետը դիտել տուաւ, որ սադրանքները ազգային դասալքութեան համազօր են եւ պէտք է վերջ գտնեն:
«Այսօր պահանջուածը այն է, որ բոլորը միասնականութեամբ գործակցին եւ լիբանանցիներուն բեռը մեղմացնելու նպատակով աշխատին: Քաղաքական շահերու համար կարելի չէ ժողովուրդին ցաւերը շահագործել», հաստատեց Տիապ:
Միւս կողմէ, վարչապետ Տիապ նախագահեց նիստի մը, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ ձերբակալուած լիբանանցիներուն թղթածրարը: