Վարչապետ Հասսան Տիապ երէկ առաւօտեան վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի հիւպատոսական անձնակազմը` նախագահութեամբ պատուոյ հիւպատոս Ժոզեֆ Հապիսի:
Հանդիպումին ընթացքին Հապիս յայտնեց, որ իրենք վստահութիւն ունին կառավարութեան վրայ` հաստատելով, որ լիբանանցի բոլոր պատասխանատուներուն միջեւ գործակցութեամբ է, որ Լիբանան դէպի ապահով ափ պիտի հասնի:
Ան յոյս յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ փոփոխութեան ժամանակը հասած ըլլայ, եւ Լիբանան իր անցեալի դաժան օրերուն չվերադառնայ:
Հապիս մաղթեց, որ կառավարութիւնը պայքարի փտածութեան եւ մսխումին դէմ, ինչպէս նաեւ ամբողջական լուծում ապահովէ ելեկտրականութեան տագնապին:
Հիւպատոսական անձնակազմին անունով ան յաջողութիւն մաղթեց Տիապի կառավարութեան:
Իր կարգին, վարչապետ Տիապ շեշտեց, որ կառավարութիւնը որոշած է կրակէ գնդակը գրկել իր ձեռքերով` փորձելով մեղմացնել անոր բոցը: «Ճիշդ է, որ անոր հուրը հրկիզած է թացն ու չորը, սակայն կը փորձենք պաշտպանել հողը եւ չարտօնել, որ այդ կրակով հրկիզուի նաեւ անիկա: Կառավարութիւնը յառաջիկայ օրերուն պիտի տայ անկիւնադարձային որոշում մը, որ պիտի ըլլայ նուրբ եւ զգայուն: Սակայն անիկա լաւ սերտուած պիտի ըլլայ եւ` Լիբանանի ապագայի պատկերը կերտող կարեւոր որոշում մը», հաստատեց ան:
Վարչապետ Տիապ նշեց, որ ամենայն անկեղծութեամբ կը յայտնէ, թէ պետութիւնը իր ներկայ վիճակով չի կրնար լիբանանցիները պաշտպանել եւ անոնց արժանապատիւ կեանք ապահովել: «Ամենայն թափանցիկութեամբ կը յայտնեմ, թէ լիբանանեան պետութիւնը կորսնցուցած է լիբանանցիներուն վստահութիւնը: Բայց եւ այնպէս, այս կառավարութիւնը քաջ գիտէ, թէ ինք ծանր բեռ վերցուցած է, եւ թէ իր ստանձնած պարտականութիւնը բարդ է: Սակայն մենք վճռակամ ենք այդ բարդութիւնները կազմաքանդելու, եւ յառաջիկայ օրերը պիտի վկայեն այդ մասին», հաստատեց վարչապետ Տիապ:
Ան շեշտեց, որ Լիբանան այս փուլին կարիքը ունի ամէն ջանքի եւ միտքի, ճակտի քրտինքի իւրաքանչիւր կաթիլի: «Պատմութիւնը պիտի գրէ այն բոլորին մասին, որոնք փտածութեան պատերը պիտի քանդեն եւ վստահութեան կամուրջներ պիտի կառուցեն` լիբանանցիներուն վերադարձնելով յոյսը եւ նպաստելով փրկութեան աշխատանքին», ընդգծեց ան:
Վարչապետ Տիապ. «Եուրոպոնտ»-ի Թղթածրարին Լուծումը Յառաջիկայ Ուրբաթ Կամ Շաբաթ Օր Կարելի Պիտի Ըլլայ Որոշել»
Երեսփոխան Ժամիլ Սէյիտ երէկ յայտնեց, որ Կեդրոնական դրամատունը 71 միլիոն տոլար վճարած է «Եուրոպոնտ»-ի թղթածրարին իբրեւ մուրհակ, իսկ նախարարները կը հերքեն, թէ այդ մասին տեղեակ են:
«Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ այս մասին լուռ կը մնայ եւ նկատել կու տայ, որ ելեւմուտքի նախարարը համաձայն է, իսկ վճարումը կատարուած է «Քորոնա» ժահրին լոյսին տակ: Ռիատ Սալամէ ամերիկացիներուն զօրակցութիւնը կը վայելէ եւ ան գործակից է փտածներուն ու լիբանանեան պետութեան մէջ արձանագրուած փտածութեան, ինչպէս նաեւ կը ծածկէ ու կը հովանաւորէ փտածները», ըսաւ Սէյիտ:
Միւս կողմէ, Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ հաստատեց, որ լիբանանեան պետութեան անունով պահ դրուած ոսկիին մարդ չի կրնար դպչիլ` աւելցնելով, որ ինք ոչ մէկ որոշում կրնայ տալ «Եուրոպոնտ»-ի թղթածրարին առումով:
«Եուրոպոնտ»-ի թղթածրարին առնչութեամբ միա՛յն կառավարութիւնը կրնայ որոշում տալ», ըսաւ ան:
Նշենք, որ վարչապետ Հասսան Տիապ երեկոյեան յայտարարեց, որ «Եուրոպոնտ»-ի թղթածրարին լուծման գծով յառաջիկայ ուրբաթ կամ շաբաթ օր կարելի պիտի ըլլայ որոշում տալ: Ան նշեց, որ այդ որոշումը պիտի պահպանէ փոքր եւ միջակ դասակարգի գումար ունեցողները, ինչպէս նաեւ` Լիբանանի շահերը: