Վարչապետ Հասսան Տիապ երէկ ընդունեց անկախ սիւննիներու Խորհրդակցական հանդիպում պլոքը, որուն հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք պլոքին անունով երեսփոխան Ֆայսալ Քարամէ յայտնեց, որ վարչապետարան այցելութեան իր նպատակն է զօրակցիլ վարչապետին` կասեցնելու համար երկրին մէջ արձանագրուած քանդումը:
Քարամէ յայտնեց, որ լիբանանցիները պէտք է փարատեն իրենց մտահոգութիւնները, որովհետեւ վարչապետ Տիապ մօտիկ ապագային պիտի յայտարարէ ծրագիր մը:
«Վարչապետ Տիապ ունի յստակ ծրագիր մը, որ կ՛ընդգրկէ կարծր որոշումներ, սակայն ունի տեսլական, ու կը խնայէ աղքատը», հաստատեց ան:
Քարամէ ընդգծեց, որ ամէն ջանք ի գործ պէտք է դրուի` երկիրը քաղաքական, տնտեսական եւ ելեւմտական իր տագնապէն փրկելու համար, որովհետեւ այսօր Լիբանանն է հիմնական կարեւորութիւն ներկայացնողը:
Ան հաստատեց, որ իրենք կը վստահին վարչապետ Տիապին եւ անոր անձնակազմին: «Պէտք է զգուշանալ երկրին տնտեսական-ելեւմտական կացութենէն, որովհետեւ բոլորս նոյն նաւուն մէջ ենք», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ քաղաքական բոլոր ուժերուն միջեւ խորհրդակցութիւններ կան` դուրս գալու համար Լիբանանը հարուածող տնտեսական այս տագնապէն:
Երեկոյեան վարչապետ Տիապ ընդունեց Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէն:
Միւս կողմէ, կարգ մը լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ վարչապետ Տիապ այցելած է Այն Թինէ, ուր հանդիպում մը ունեցած է խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրիի հետ` քննարկելու համար «Եուրոպոնտ»-ի թղթածրարը:
Կը նախատեսուի, որ Լիբանան ուղղուի նիւթական իր պարտաւորութիւնը վերադասաւորելու: