Վարչապետ Փաշինեան 20 Փետրուարին, Հանրային հեռատեսիլին տուած է հարցազրոյց մը, որուն ընթացքին անդրադարձած է Հայաստանը եւ Արցախը յուզող բազմաթիւ հարցերու, որոնց կարգին յատկապէս՝ Միւնիխի մէջ Ալիեւի հետ հանդիպումին, Արցախի յառաջիկայ ընտրութիւններուն, ինչպէս նաեւ Սահմանադրական դատարանին վերաբերող հանրաքուէին։
Վերահաստատելով Միւնիխի անվտանգութեան համաժողովի ծիրին մէջ իր կատարած յայտարարութիւնը, թէ՝ Լեռնային Ղարաբաղի համար չկան հողեր, այլ կայ անվտանգութիւն, եւ Արցախը չի կրնար զիջիլ իր անվտանգութիւնը՝ Փաշինեան ըսած է. “Մենք ասում ենք, որ այդ ստատուս քուօն, երբ ձեւաւորուել է, երբ Արցախի ինքնապաշտպանական ուժերն այդ տարածքները վերցրել են վերահսկողութեան տակ, նրանք դա արել են, որպէսզի Ադրբեջանի ագրեսիւ գործողութիւնները Լեռնային Ղարաբաղից հնարաւորինս հեռացուեն այնքան, որպէսզի դառնան անհասանելի։ Եթէ կայ առաջարկ անվտանգութեան ապահովման նոյնքան արդիւնաւէտ մի գործիքի, այդ առաջարկը թող ձեւակերպուի, եւ հայ ժողովուրդը կը քննարկի՝ դա իր համար ընդունելի՞ է, թէ՞ ոչ”։
Վարչապետը անդրադարձած է նաեւ հողային ամբողջականութեան վերաբերեալ շահարկումներուն՝ դիտել տալով, որ Լեռնային Ղարաբաղը անկախութիւն ստացած է այնպէս, ինչպէս Ազէրպայճան: “Երբ խօսում են տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքի մասին, այդ ո՞ր երկրի տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքի մասին են խօսում։ Երբ Ադրբեջանն անկախութիւն է ստացել, Խորհրդային Միութեան տարածքային ամբողջականութիւնը պահպանե՞լ է արդեօք։ Հակահարց կարող է հնչել, որ Խորհրդային Միութիւն պետութիւնն այլեւս գոյութիւն չունի, բայց գոյութիւն չունի նաեւ այն պետութիւնը, որի կազմում եղել է Լեռնային Ղարաբաղը, այդ պետութիւնը Ադրբեջանի Խորհրդային Սոցիալիստական Հանրապետութիւնն է։ Այս դիսկուրսն ունի նրբութիւններ, որոնք պէտք է հաշուի առնել”, նշած է ան։
Նիկոլ Փաշինեան վերահաստատած է, որ հարցին որեւէ լուծում պէտք է ընդունելի ըլլայ Հայաստանի, Արցախի եւ Ազէրպայճանի ժողովուրդներուն համար, իսկ Ղարաբաղի հարցը չունի ռազմական լուծում:
Հայաստանի վարչապետը անդրադարձած է նաեւ Արցախի յառաջիկայ ընտրութիւններուն։ “Արցախում միշտ ընտրութիւնների արդիւնքներն աւելի վստահելի են եղել, քան Հայաստանում, եւ ասել, որ Արցախում ընտրութիւնները կարող են վտանգաւոր լինել, դա անհեթեթութիւն է, որովհետեւ Արցախում ժողովրդավարական ընտրութիւնների անցկացումը եւս մէկ ապացոյց է եղել, որ Արցախը կայացած պետութիւն է, եւ խօսել, որ Արցախը կարող է լինել Ադրբեջանի կազմում, դա ընդհանրապէս աբսուրդ է։ Ընտրութիւններն այն հարթակն են, որտեղ պէտք է տեղի ունենայ քննարկում երկրի զարգացման տեսլականի վերաբերեալ, եւ ժողովուրդը պէտք է ազատ կամարտայայտման հնարաւորութիւն ունենայ։ Մենք մեզ համարում ենք Արցախի ժողովրդի ազատ կամարտայայտման երաշխաւորը”, շեշտած է ան։
Փաշինեան նաեւ պատասխանած է այն հարցումին, թէ ե՞րբ կրնան տեղի ունենալ սահմանադրական աւելի լայն փոփոխութիւններ։ Վարչապետը ըսած է, որ պետութեան կառավարման համակարգին մէջ կառուցային փոփոխութիւններ չեն նախատեսուած, սակայն նախատեսուող փոփոխութիւններով, ըստ էութեան, նոր Սահմանադրութիւն պիտի ըլլայ (sic):
Ան նաեւ պատասխանած է Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու նախագիծը Վենետիկի յանձնաժողովին ներկայացնելու հարցին։ Ըսած է, որ Գերմանիա այցելութեան ընթացքին իրավիճակին վերաբերեալ քննարկումներ ունեցած է ու նշած է, թէ միջազգային գործընկերները զարմացած են, որ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ գործող Սահմանադրական դատարանի ձեւաւորման շուրջ քուլիսային համաձայնութիւններ եւ նման այլ գործընթացներ եղած են: “Եւրոպացի գործընկերների ուշադրութիւնն եմ հրաւիրել այն հանգամանքի վրայ, որ այս ողջ պրոցեսը, որի դէպքում իրաւունքի չարաշահման հետ գործ ունենք, տեղի է ունեցել Վենետիկի յանձնաժողովի ուշադրութեան ներքոյ։ Այս հարցը կը քննարկենք եւրոպացի գործընկերների հետ”, աւելցուցած է ան։
Անդրադարձ կատարուած է նաեւ այն հանգամանքին, որ հանրութիւնը դատական իշխանութեան տուած որոշումներուն պատասխանատւութիւնը կը շարունակէ դնել կառավարութեան վրայ, հակառակ անոր, որ վարչապետ Փաշինեան յայտարարեց, թէ ինք չի միջամտեր դատական իշխանութեան գործերուն։ “Այս ընթացքում երեւոյթ տեսանք, որ հանրութիւնը դատական իշխանութեան կայացրած որոշումների պատասխանատւութիւնը շարունակում է դնել կառավարութեան վրայ։ Մէկին բաց են թողում, հանրութիւնը շարունակում է մտածել, որ կառավարութիւնը գնում է կուլիսային պայմանաւորուածութիւնների։ Դա տեղի է ունենում, որովհետեւ կայ տոտալ անվստահութիւն դատական իշխանութեան նկատմամբ, որովհետեւ Սահմանադրական դատարանն ուղղակի կամ անուղղակի մասնակցել է ժողովրդի կամարտայայտման դեֆորմացմանը: Բոլորս գիտենք, ՍԴ-ն անկախ չի գործում, գործել է նախորդ կոռումպացուած իշխանական բուրգի մէջ։ Մենք ասում ենք՝ եկէք ձեւաւորենք անկախ դատական համակարգ, երբ դատարանն ինչ-որ բան որոշի՝ չսկսենք քննարկել, թէ ինչ, որտեղ, ինչպէս։ Մենք դատարանի որոշումը պէտք է ընդունենք որպէս հիմնարար որոշում”, հաստատած է Փաշինեան։
Վարչապետը ընդգծած է, որ իշխանութիւնը այսօր կոչ կ՚ընէ ստեղծելու անկախ դատական համակարգ, որպէսզի այլեւս հարկ չըլլայ անոր որոշումները խնդրոյ առարկայ դարձնել:
“Մենք ուզում ենք անկախ դատական համակարգ, սակայն այն շարունակում է կախուած լինել կոռուպցիոն համակարգից, դա ակնյայտ է եւ ապացուցւում է փաստերով։ Հանրապետականի քաղաքական որոշմամբ վճռուել է, որ ի հեճուկս հանրութեան, Սահմանադրական դատարանը պէտք է գործի հին տրամաբանութեամբ”, շեշտած է Փաշինեան: ■