Դոկտ. Մինաս Գոճայեան
Հետեւեցայ Վրչ. Փաշինեանի եւ BBC կոչուած իբր թէ անաչառ անգլիական «կայսերական» կայանի մեկնաբանի հարցազրոյցին։ Պրն. BBC-ն ես լաւ ճանչցած եմ դեռ 1960-ականներէն։ Այս կայանը Միացեալ Թագաւորութեան (իմա՝ Անգլիոյ) իշխող վերնախաւի խօսնակն է։ Խօսնակներն ու պաշտօնեաները արհեստավարժներ են եւ լաւ պատրաստուած, կը խօսին «դասական» յղկուած անգլերէնով։ Այս լեզուն սորվիլ ուզողը պէտք է հետեւի BBC-ին։ Բայց այս քայլը գին մը ունի։ Անիկա տիրացած է ուղեղալուացում կոչուած արուեստին (անգլիացին խորամանկ է, կ՚ըսէին մեր մեծերը, կամ՝ «ասոր մէջ «ինկիլիզին մատը կայ» կը հաւատային մերոնք)։
Եւ այսպէս խորամանկ ու լաւ պատրաստուած թղթակիցը այս տարուան մէջ երկու անգամ հարցազրոյց կ՚ունենայ նախ մեր արտաքին գործոց նախարարին հետ եւ ապա մեր վարչապետին եւ միշտ կը փորձէ անկիւնը բերել, կամ անկիւն բերելու փորձ կատարել՝ երբեմն ճարպիկօրէն, երբեմն կը յաջողի, երբեմն ալ բերանը կը գոցէ եւ իր զայրոյթը կ՚արտայայտէ դառն բազմանշանակ քմծիծաղով։ Ով որ կը ճանչնայ Անգլիան, ան կը հասկնայ այդ ծիծաղին ետին պահուած զայրոյթը։
Նկատած ենք որ ան յաճախ բնագիրէն դուրս գալով գրգռիչ հարցումներով կը փորձէ նեղի մատնել իր «զոհը»։ Պրն Փաշինեանին հետ հարցազրոյցին ատեն նոյնպէս ան «անգլիական» այդ խաղին դիմեց, բայց պէտք է ըսեմ թէ մեր վարչապետը բերանը չգոցեց եւ ատիկա «դուր չեկաւ» Պնր. խօսնակին…
Մեզի համար յստակ է՝ Անգլիոյ քարիւղային հետաքրքրութիւնը տարածաշրջանին մէջ զինք հետաքրքրող գլխաւոր խնդիրն է։ Այս միեւնոյն Անգլիան չէ՞ր որ օգնեց Պաքուի կոմունայի անկումին եւ որուն զոհ գնաց մեր ազնուագոյն քաղաքական առաջնորդներէն Ստեփան Շահումեանը։ Այս նոյն Անգլիան չէ՞ր որ խանգարեց Անդրանիկին։ Եւ նման բաներ։ Մենք պատմութիւնը չենք մոռցած։ Այս խօսնակին միակ «տէրտն» էր հայերն ալ մեղաւոր (եւ այն ալ ի՜նչ մեղաւոր) ցոյց տալ եւ կամ «իրանամէտ կամ ռուսամէտ» յորջորջել։ Եթէ ես ըլլամ յաջորդը «հարցաքննուելու», նախ կը մեժէի, իսկ եթէ պէտք է ընդունէի առաջարկը, կը պահանջէի որ նախօրօք ուղղէր հարցումները։ Այս մարդուն ետեւ հարիւրաւոր մասնագէտներ կ՚աշխատին որպէս վերլուծաբան եւ լրտես։
Պրն. խօսնա՛կ, քիթդ մի՛ խոթեր այս գործերուն մէջ, ա՛յ մեծամիտ ու ծախուած անգլիացի։
՛