Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ՄԱԿ-ի կեդրոնին մէջ ելոյթ ունեցաւ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 74-րդ նստաշրջանին:
Խօսքին սկիզբը ան անդրադարձաւ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած ժողովրդային շարժումին եւ անոր յաջորդած փոփոխութիւններու հոլովոյթին` կարեւոր նկատելով յատկապէս տեղի ունեցած խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւնները: «Մենք ունինք անկոտրում վճռականութիւն` յառաջ մղելու ժողովրդավարութիւնն ու բարեփոխումները մեր երկրին մէջ: Անիկա հիմնուած է մեր ժողովուրդին կողմէ մեզի տրուած ծանրակշիռ լիազօրութեան վրայ, որուն մենք պատասխանատու ենք բարեփոխումներ իրականացնելու, արդարութեան ապահովման, տնտեսական եւ ընկերային պայմաններու բարելաւման եւ մեր ազգի զարգացման գործին մէջ», յայտնեց Փաշինեան` նաեւ խօսելով այս բոլորը ընելու դժուարութիւններուն մասին, փտածութեան դէմ յայտարարուած պայքարին հակառակ, տակաւին բացայայտուող կաշառակերութիւններն ու անօրինականութիւնները եւ այլն:
Փաշինեան դիտել տուաւ, որ հայկական ոչ բռնի, թաւշեայ յեղափոխութիւնը ապացուցեց, որ ժամանակակից աշխարհին մէջ կարելի է ժողովրդավարական փոփոխութիւններ կատարել, բայց եւ այնպէս շեշտեց, որ յեղափոխութիւնը սկիզբ էր միայն, ներկայիս պէտք է փաստել, որ ժողովրդավարական վերափոխումը անշրջելի է: Այս ճամբուն վրայ ան կարեւոր նկատեց տնտեսութեան կայուն եւ բաւական արագ աճը, տնտեսական յեղափոխութիւնը, անհատական ջանքեր գործադրելը, բարեփոխումներ կատարելը, գործարարութեան համար բոլորին համահաւասար դաշտ ստեղծելը, անկախ դատական համակարգ ունենալը, փտածութեան դէմ պայքարող մարմիններու ստեղծման ջանքերը եւ այլն: Վարչապետ Փաշինեան յատուկ կերպով լուսարձակի տակ առաւ նաեւ կրթութիւնը: «Մեր տեսլականն է ցմահ կրթութիւնը դարձնել համազգային գործելակերպ մեր հասարակութեան բոլոր շերտերուն համար», ըսաւ ան: Ան ՄԱԿ-ի ամպիոնէն յոյս յայտնեց, որ միջազգային հանրութիւնը կը սատարէ Հայաստանի նորաբողբոջ ժողովրդավարութեան` առկայ մարտահրաւէրները դիմակայելու համար:
Ապա ան անդրադարձաւ Հայաստանի սահմանակից երկիրներուն հետ յարաբերութիւններու կարգավիճակին եւ յիշեց, որ Հայաստանի 4 սահմաններէն երկուքը, որոնց կարգին` Թուրքիոյ հետ սահմանը, փակ է արդէն շուրջ 3 տասնամեակէ: «Հրաժարելով Հայաստանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելէ, Ազրպէյճանին աջակցելով ընդդէմ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի` Թուրքիան կը շարունակէ մնալ անվտանգութեան լուրջ սպառնալիք հայ ժողովուրդին համար, որ արդէն մէկ անգամ եղած է ցեղասպանութեան զոհ եւ ականատեսն է պատմական ճշմարտութեան ժխտման եւ կատաղի դիմադրութեան»: Փաշինեան դիտել տուաւ, որ Ռուսիան Հայաստանի հիմնական ռազմավարական գործընկերն ու դաշնակիցն է, Վրաստանը եւ Իրանը` ռազմավարական դրացիները` աւելցնելով, որ Հայաստան կը փորձէ յուսալի գործընկեր եւ լաւ բարեկամ ըլլալ բոլորին համար` առանց ոեւէ մէկուն յարաբերութիւններուն վնաս հասցնելու:
Այս ծիրին մէջ Հայաստանի վարչապետը անդրադարձաւ նաեւ Արցախի տագնապի խաղաղ լուծման, որ առանցքային նշանակութիւն ունի շրջանի կայունութեան եւ անվտանգութեան համար: «Իմ պաշտօնավարման առաջին իսկ օրէն ես քայլերու ձեռնարկած եմ այս առնչութեամբ: Այս նպատակով, ես հանդէս եկայ յայտարարութեամբ, որուն մէջ կ՛ըսուի, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի որեւէ լուծում պէտք է ընդունելի ըլլայ Հայաստանի, Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի ժողովուրդներուն համար: Յատկանշական է, որ ես առաջին հայ ղեկավարն էի, որ նման դիրքորոշում յայտնեց տագնապի լուծման վերաբերեալ: Զիս խստօրէն քննադատեցին երկրիս մէջ լուծման այնպիսի բանաձեւի մը համար, որ հաւասարութեան նշան կը դնէ տագնապի 3 կողմերուն միջեւ: Այդուամենայնիւ, ես կը հաւատամ, որ ատիկա տագնապի խաղաղ լուծման բանալին է, քանի որ անիկա կ՛ենթադրէ փոխզիջման, փոխադարձ յարգանքի եւ հաւասարակշռութեան կարելիութիւն: Ես այդ բանաձեւը ներկայացուցի ո՛չ միայն հանրութեան, այլեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան ներքոյ տեղի ունեցող բանակցութիւններու շրջագիծին մէջ: Յառաջ ընթանալու համար ես կ՛ակնկալէի նման յայտարարութիւն նաեւ Ազրպէյճանէն: Այնուամենայնիւ, Ազրպէյճանի բարձրագոյն իշխանութիւնները մնացին իրենց դիրքորոշման` ձգտելով ղարաբաղեան տագնապի այնպիսի լուծման, որ ընդունելի կ՛ըլլայ միայն Ազրպէյճանի ժողովուրդին համար: Ի՞նչ կը նշանակէ ատիկա: Ատիկա կը նշանակէ, որ Ազրպէյճանի իշխանութիւնները մտադրութիւն չունին լուծելու այս տագնապը: Փոխարէնը, անոնք կ՛ուզեն յաղթել Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին: Անոնք որեւէ փոխզիջում չեն ուզեր կատարել: Անոնց նպատակը վրէժխնդրութիւնն է 1990-ականներուն եւ 2016-ին Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին դէմ յարձակումներու անյաջող փորձերուն համար: Այդ պատճառով անոնք կը բորբոքեն հակահայկական տրամադրութիւններ իրենց ժողովուրդին մէջ, այդ պատճառով անոնք հսկայական ներուժ կը ծախսեն սպառազինութեան վրայ, այդ իսկ պատճառով հայատեացութիւնը արդէն դարձած է Ազրպէյճանի պաշտօնական քաղաքականութիւնը», շեշտեց Փաշինեան:
Ան աւելցուց, որ փաստօրէն, հակառակորդները կ՛ուզեն Լեռնային Ղարաբաղը վերադարձնել խորհրդային ժամանակներու կարգավիճակին` շեշտելով, որ ատիկա ապարդիւն ջանք է, քանի որ խորհրդային շրջանին Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզի ժողովուրդը հռչակեց իր անկախութիւնը եւ ինքնորոշում կատարեց այնպէս, ինչպէս ըրաւ Ազրպէյճան` դուրս գալով Խորհրդային Միութեան կազմէն: Ըստ անոր, Ազրպէյճանի կառավարութիւնը Ղարաբաղի տագնապը կը ներկայացնէ իբրեւ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ տարածքային վէճ:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ըսաւ, թէ այս տագնապը շատ բարդ եւ ցաւոտ հարց է շրջանի ժողովուրդներուն համար, անիկա անկարելի է լուծել առանց ծանր եւ հետեւողական աշխատանքի, առանց փոխզիջման, փոխադարձ յարգանքի եւ հաւասարակշիռ մօտեցման: «Ուստի ես կոչ կ՛ուղղեմ իմ գործընկերոջս` նախագահ Իլհամ Ալիեւին, ընդունելու բանաձեւը` պայմաններ ստեղծելու խաղաղ գործընթացին մէջ յառաջընթացի համար: Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի որեւէ լուծում պէտք է ընդունելի ըլլայ Հայաստանի, Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի ժողովուրդին համար: Մենք պէտք է միասին աշխատինք` այս բանաձեւը իրականութիւն դարձնելու համար», շեշտեց Փաշինեան:
Ապա ան խօսեցաւ 28 տարի առաջ ինքնիշխան պետութիւն եւ միջազգային հանրութեան լիիրաւ անդամ դարձած Հայաստանի մասին, որ հետամուտ է միջազգային համագործակցութիւն ծաւալելու եւ անվտանգութեան, զարգացման ու մարդու իրաւունքներու օրակարգի ներդրող ըլլալու` հաւատալով արդիւնաւէտ բազմակողմանիութեան: «Մենք կ՛աշխատինք մեր բոլոր գործընկերներուն հետ, ինչպէս միջազգային, այնպէս ալ շրջանային մակարդակներու վրայ` խթանելու համաշխարհային անվտանգութիւնը, միջազգային ահաբեկչութեան դէմ պայքարը, հիւլէական զէնքի չտարածուիլը, հիւլէական անվտանգութիւնը եւ խաղաղապահ գործողութիւնները», աւելցուց Փաշինեան: