ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շնորհաւորական ուղերձ յղեց Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին՝
Ռուսիոյ սահմանադրութեան մէջ փոփոխութիւններու հաստատման վերաբերեալ համառուսական քուէարկութեան յաջող կայացման առիթով։
«Այս իրադարձութիւնը, ի հարկէ, սկզբունքային նշանակութիւն ունէր Ռուսաստանի պետականութեան հետագայ ամրապնդման համար: Վստահ եմ, որ երկրի հիմնական օրէնքի մէջ կատարուող փոփոխութիւնները, որոնք արժանացել են Ռուսաստանի հասարակութեան ճնշող մեծամասնութեան հաւանութեանը, ստեղծում են երկրի հետագայ առաջընթացի եւ նրա սոցիալ-տնտեսական զարգացման համար նպաստող պայմաններ:
«Մաղթում եմ ձեզ եւ Ռուսաստանի Դաշնութեան եղբայրական ժողովրդին խաղաղութիւն, բարեկեցութիւն եւ բարգաւաճում», կը նշուի վարչապետին նամակին մէջ: