Երեքշաբթի, 5 ապրիլ 2022-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանին:
Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ արծարծելու հայութիւնը յուզող եւ Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան առնչուած հարցեր: Այս առիթով անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ վեհափառ հայրապետին հռչակած «Սփիւռքի տարուան» լոյսին տակ սփիւռքը վերակազմակերպելու անհրաժեշտութեան` երիտասարդներու գործօն մասնակցութեամբ:
Նոյն օրը երեկոյեան, վեհափառ հայրապետը ընդունեց նաեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ Լիբանանի նախկին դեսպան Սիմոն Քարամը: