Հրաւէրով մարոնիթ եկեղեցւոյ պետ Պշարա Ռաաի պատրիարքին, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Շաբաթ, 1 Մայիս 2021-ին, այցելեց Պքէրքէ, ուր ճաշի հիւրը եղաւ պատրիարքին։ Ճաշին ներկայ էին նաեւ Լիբանանի թեմի առաջնորդ Շահէ Արք. Փանոսեանն ու պատրիարքական փոխանորդ Փօլ Արք. Սայյահը։
Պատրիարքին եւ Վեհափառ Հայրապետին միջեւ տեղի ունեցած զրոյցին մէջ առաջնահերթ տեղ գրաւեց Լիբանանի ներկայ կացութիւնը, յատկապէս նոր կառավարութիւն կազմելու հարցը, ինչպէս նաեւ Նորին Սրբութեան Վատիկանի կատարած առաջարկը՝ քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու հանդիպումի մը կազմակերպումը։