Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանէն ներս`
ԱՆԹԻԼԻԱՍ – Երեքշաբթի, 23 Հոկտեմբեր 2012ի առաւօտեան ժամը 10ին, Հովանաւորութեամբ Ս. Աթոռոյս Գահակալ` Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ վերաբացումը Հայ Կանանց Հոգեւոր Լսարանի 13րդ տարեշրջանին: Լսարանին բացման ներկայ էին շուրջ հարիւր տիկիններ եւ օրիորդներ:
Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժամունքին կողմէ կազմակերպուած սոյն լսարանը, այս տարուայ համար նկատի ունեցած է` աստուածաշնչական, քրիստոնէական, եկեղեցագիտական եւ բարոյագիտական բնոյթ ներկայացնող նիւթեր: Հոգեւոր խորհրդածութիւնները պիտի ներկայացուին միաբան հայրերու կողմէ: Լսարանի ընթացքին խորհրդածութիւններու կողքին պիտի կատարուի նաեւ սաղմոսերգութիւն, աղօթասացութիւն եւ շարականի ուսուցում առաջնորդութեամբ լսարանի պատասխանատու հայր սուրբերուն:
Յայտնենք, որ ամէն տարի ութ ամիսներու վրայ տարածուած կանանց յատուկ հոգեւոր լսարաններ կը կազմակերպուին Կաթողիկոսարանին կողմէ: