Նախաձեռնութեամբ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի Լիբանանահայ աւանդներու ակումբին (Լիպանիզ-Արմինիըն Հերիթէյճ Քլապ) եւ գործակցաբար համալսարանի ուսանողական խորհուրդին երէկ` հինգշաբթի, 1 նոյեմբերի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, վերահաստատուեցաւ Համաշխարհային Ա. պատերազմին ընթացքին համալսարանի նահատակուած շրջանաւարտ բժիշկներու յիշատակին զետեղուած յուշատախտակը:Այս մասին կը յայտնէ Լիբանանի ՙԱզդակ՚ օրաթերթը։
Ներկայութեամբ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի այժմու նախագահ Փիթըր Տորմանի, ակադեմականներու, համալսարանական ուսանողներու, ազգասէր հայորդիներու եւ Հայ դատին բարեկամ ու համակիրներու հոծ բազմութեան։
Համալսարանի նախագահ դոկտ. Փիթըր Տորմըն, որ յայտնեց, թէ հակառակ պատմագէտ ըլլալուն, զարմանքով տեղեկացած էր «համալսարանի պատմութեան այս կարեւոր եղելութեան, որ դժբախտաբար ցարդ մոռցուած էր»: «Հոս եկած ենք ոչ միայն յարգելու այդ նահատակ բժիշկներու յիշատակը, այլեւ` վերակենդանացնելու եւ վերանորոգելու անոնց թողած աւանդն ու յիշատակը, որ համակ զոհաբերութիւն եւ ազնուութիւն կը բուրէր», յայտնեց դոկտ. Տորմըն եւ աւելցուց. «Անոնց յիշատակը վերակենդանացնելով մենք կը վերյիշենք Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի առաքելութիւնը, որ օրրանը դարձած է զանազան քաղաքակրթական ենթահողերով ուսանողներ համախմբելու եւ զանոնք ընկերային ծառայութեան ու զոհաբերութեան մղելու: Անոնց կենսագրականները կարդալով կը նկատենք, թէ ինչպիսի՛ աշխուժ գործունէութիւն տարած են անոնք համալսարանի իրենց գիշերօթիկային կեցութեան եւ ուսանողութեան ընթացքին»: