ԵՐԱՆ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ
Ամբողջ ամառը խոր լռութիւն կը տիրէր Մելգոնեանի զոյգ շէնքերուն, շրջափակին եւ պուրակներուն մէջ, Բարերարներուն դամբանին շուրջ…Ծիծեռնակները մեկնած կ’ըլլային իրենց բոյները եւ տխո՛ւր-տխո՛ւր լռութիւնը կը յօրանջէր ամառնային կիզիչ տաքին հետ…
Անհամբեր կը սպասէի Սեպտեմբեր ամսուան, կրթական վերամուտին: Տակաւ զովացող օդին հետ, նոր կեանք կ’առնէր Մելգոնեանը…Մէկի՛կ-մէկի՛կ կամ երա՛մ-երա՛մ կը վերադառնային ծիծեռնակները իրենց ուսումնարանը, անոնց վրայ կ’աւելնային նորերը, որոնք առաջին օրերու վարանոտ քայլերէն ետք, շուտով կ’ընտելանային Մելգոնեանի մթնոլորտին, կը մերուէին անոր կարգ ու սարքին, դասարանային եւ արտադասարանային կանոնակարգին, ճաշատեսակներուն, նիստուկացին, իրարու հետ ճիշդ վարուելակերպին եւ կը դառնային հարազատ Մելգոնեանցիներ…
Այնքան կը սիրէի Սեպտեմբերեան այդ անօրինակ եռուզեռը, աշակերտներու գոռում-գոչիւնը խաղավայրերուն մէջ, զուարթ ճռուողիւնը, խանդավառ շաղակրատումը, որոնք մթնոլորտը կ’ընծայէին ընտանեկան օճախ մը, հայաջերմ ու սիրաջերմ, կենսաշէն ու հայաշէն…
Կու գային Միջին Արեւելքի բոլոր գաղթօճախներէն՝ Լիբանանէն ու Սուրիայէն, Պարսկաստանէն եւ Յունաստանէն, Յորդանանէն ու Եթովպիայէն, Եգիպտոսէն ու Արաբական Ծոցի երկիրներէն…Իսկ վերջին տարիներուն՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն, Պուլկարիայէն, նոյնիսկ Արցախէն ու Հայաստանի Հանրապետութենէն..: Կը ստեղծուէր համահայկական ինքնուրոյն խճանկար մը, ուր իւրաքանչիւրը իր սեփական երանգը կը բերէր ընդհանուր երանգապնակին, այնքան ճոխ եւ խօսուն, այնքան հարուստ եւ ոգեղէն…
Հայագիտութեան, մարմնամարզի կամ հայկական պարերու ուսուցիչներ հրաւիրուած կ’ըլլային Հայաստանի Հանրապետութենէն՝ նախ Խորհրդային յետոյ վերանկախացած…Ուսուցիչներ՝ որոնք ի՛նչ-ի՛նչ խապրիկներ կը բերէին մեր հայրենիքէն, սովորութիւննե՛ր ու գիտելիքնե՛ր, որոնք աւելի կը հայացնէին Մելգոնեանի մթնոլորտը՝ իրենց Հայաստանաբոյր եւ Հայաստանահամ շունչով ու ոգիով…
Դասերուն հետ համընթաց կ’ընթանային քառաձայն Երգչախումբի փորձերը՝ Սեպուհ Աբգարեանի ղեկավարութեամբ եւ խմբավարութեամբ…Իր երաժշտանոցին լոյսը միշտ վառ կը մնար միչեւ երեկոյեան ուշ ժամերը, եւ երգ-երաժշտութեան, արուեստի ի՛նչ կիրքով ու նուիրումով ան կը փարէր իր գործին, որ առաքելութիւն մըն էր, հայ աշակերտը հրավառել հայ երգի սիրով, հայ երգի պաշտամունքով…
Այս եռուզեռին ի տես կարծես կը խայտային հոգիները Աղա Կարապետ եւ Աղա Գրիգոր Մելգոնեաններուն, որոնց դամբանին շուրջ պաշտամունք կը մատուցուէր կրթական վերամուտին, Շաբաթ երեկոները եւ բոլոր տօնական օրերուն:
Առաջին միջոցառումը կամ ազգային գեղարուեստական ձեռնարկը նուիրուած կ’ըլլար Թարգմանչաց Տօնին: Հանդիսութեան ներկայ կ’ըլլային ՄԿՀ աշակերտութենէն բացի՝ գաղութիս մշակութասէր հասարակութեան ներկայացուցիչներ, որոնք Մելգոնեան կը փութային հաղորդուելու Օրուան իմաստին ու խորհուրդին, ունկնդրելու օրուան զեկոյցը, զոր կը հրամցընէր Հայագիտութեան ուսուցիչներէն մին, ըմբոշխնելու ասմունքներն ու մասնաւորաբար խմբերգերը, կատարողութեամբ Քառաձայն Երգչախումբին եւ խմբավարութեամբ Մաեստրօ Սեպուհ Աբգարեանի: Իսկական տօն մը կ’ըլլար ատիկա եւ սկզբնակէտը յաջորդական հանդիսութեանց կամ ձեռնարկներու, որոնք կը կատարուէին գրեթէ ամէն շաբաթ բազմազան բնոյթով եւ բազմազան բովանդակութեամբ…
Մերթ ընդ մերթ, Մայր հայրենիքէն կռունկներ կ’այցելէին Կիպրոս…Թէկուզ այդ այցը ըլլար քանի մը ժամուան համար, երբ իրենց նաւը հանգրուանէր Կիպրոսի մէկ նաւահանգիստը, այդ կռունկները՝ որոնց մէջ անպայմանօրէն կ’ըլլային արուեստագէտներ, գրողներ, մտաւորականներ, կը փութային Մելգոնեան…Շուտով լուրը կայծակի արագութեամբ կը տարածուէր Բարեգործականի շրջանակէն ներս, եւ հապճեպօրէն հանդիպում մը տեղի կ’ունենար անոնց հետ՝ Մելգոնեանի սրահին մէջ, ուր անոնք ելոյթ կ’ունենային ոգեշունչ ասմունքով, երգով կամ խօսքով եւ կարծես Մայր հայրենիքի ոգին կը թեւածէր Մելգոնեանէն ներս, հայրենաբաղձ սիրտերը կը ջերմանային հայրենական ապրումներով, ոսկեայ օղակ մը եւս աւելցընելով Հայաստան-Սփիւռք ոգեղէն կամուրջին:
Քանի-քանի սերունդներ իրենց կրթական ապաստանը գտան Մելգոնեանի յարկին տակ, երբ իրենց երկիրը քաղաքացիական թէ այլ տակնուվրայութիւններ ապրեցաւ եւ ամբողջովին անապահով դարձաւ այնտեղ ապրիլն ու ուսանիլը: Այդպէս եղաւ Լիբանանի քաղաքացիական թէժ կռիւներուն ընթացքին 1970-ականներէն մինչեւ 90-ականները, այդպէս եղաւ Իրանի կամ Պարսկաստանի ներքին խռովութեանց տարիներուն եւ քանի՛-քանի՛ ընտանիքներ եկան ապաստանելու Կիպրոս, իրենց զաւակները յանձնելով Մելգոնեանի ջամբած հայեցի կրթութեան..: Այդ ժամանակաշրջաններուն յատկապէս, Մելգոնեանը դարձաւ ժամադրավայրը տարբեր գաղութներէ ժամանած հայորդիներու՝ իրենց ընտանիքներուն հետ միասին:
Ամէն կրթական տարեմուտին, սիրտս կ’երթայ այն բոլոր սերունդներուն, որոնք իրենց հոգիի ջահը վառեցին Մելգոնեանի լուսավառ, Մեսրոպավառ ջահէն սրբազան եւ իրենց հերթին այդ ջահը փոխանցեցին իրենց յետնորդներուն…Իսկ քանի-քանիներ ալ զրկուեցան Մեսրոպաւանդ այդ իւրայատուկ կրթարանէն, տարտղնուեցան չորս ծագերն աշխարհի, մանաւանդ երբ իրենց երկիրը, Սուրիան զոր օրինակ, մատնուեցաւ քաղաքացիական կռիւներու թոհուբոհին, իսկ Մելգոնեանի դռները արդէն փակուեր էին իրենց առջեւ ի՛նչ-ի՛նչ պատրուակներով…
Եւ միշտ նոյն հարցումը դեռ կը սպասէ իր պատասխանին:
Ո՞ւր մնաց Մելգոնեան բարերարներու կոչ-պատգամը. «Այս դպրոցը բաց պէտք է մնայ մինչեւ անգամ եթէ մէկ հայ մնայ սփիւռքի տարածքին»:
Ու դարձեալ նոյն տխուր խորհրդածութիւնը. «Մենք շատ անգամ մեր սեփական ձեռքերով կը սղոցենք այն ճիւղը, որուն վրայ նստած ենք»:
ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2022