ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ
Կրթական վերամուտը կը սկսի որոշ պայմաններու մէջ, որոնք տարբեր պատճառներով գոյացած են:
Երկրի տնտեսական տագնապը, Հայաստան ներգաղթը, արտասահման արտագաղթը, դէպի անձնական եւ ձրիավարժ օտար վարժարաններ հոսքը զգալիօրէն մեծ ազդեցութիւն ունին այսօրուան դպրոցական մեր համակարգի անկումին վրայ: Այսօր մեր դպրոցները թիւի, ձեւի եւ որակի փոփոխութիւն պիտի ունենան:
Ղեկավարման եւ եղածը փրկելու ու պահելու արտակարգ աշխատանքի կարիք կայ: Ինքնագոհ եւ ամէն բան բնական տեսնելու մօտեցումը կրնայ ծանր հետեւանքներ ունենալ:
Մենք լուրջ դժուարութիւններու առջեւ կը գտնուինք:
Սիրելի՛ պատասխանատուներ, մենք` իբրեւ լիբանանահայութիւն, մեր ինքնուրոյն եւ ճառագայթող դիրքը պահելու յանձնառութիւնը պէտք է ունենանք: Բոլորս միասին հաւանաբար չենք կրնար վնասները նուազագոյնի իջեցնել այսօրուան պայմաններուն մէջ: Գոյութիւն ունեցող կարողականութիւնը պէտք է առաւելագոյնս օգտագործել:
Բոլորս ալ պատասխանատուներ ենք եւ բոլորս ալ մեր եսէն անդին պէտք է մտածենք: Այսօրուանով ինքնագոհ ըլլալը չի բաւեր: Վաղուան մասին պէտք է մտածել: Ո՞վ պիտի շարունակէ լիբանանահայութեան ջահը բարձր պահել: Ուսուցիչ, կուսակցական գործիչ, ազգային բարերար թէ հասարակական միութենական աշխատողներ: Վերամուտը մշուշոտ է. թիւերու պատկերը պէտք է յստակացնել` լուծումներու մասին միջոցներ ձեռք ձգելէ առաջ: Անձնական ճիգերով նաեւ պիտի հաւաքեմ տուեալներ` օտար վարժարաններ յաճախողներուն վերաբերեալ. նպատակը միայն մատնանշելը չէ անշուշտ, այլ լուծումներ որոնելն է: Հաւաքական եւ պատասխանատու քայլերով կարելի է դեռ եղածը փրկել: Մենք բոլորս միասնաբար տակաւին ընելիք ունինք: Մեր գաղութը ոչ միայն լիբանանահայութեան, այլ սփիւռքի եւ Հայաստանի հանդէպ յանձնառութիւններ ունի: Բոլորս ձեռք- ձեռքի պէտք է լուծումներ որոնենք վարդահեղեղ արշալոյս մը ապահովելու համար: