ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ
Ամէն տարի շատ կը գրուի վերամուտի մարտահրաւէրներուն մասին:
Ամէն տարի շատ կը խօսուի հայեցի դաստիարակութեան մասին:
Ամէն տարի շատ կը լսուի օտար վարժարաններ յաճախողներու մասին:
Այս տարի բոլորս տխուր վերամուտ կը դիմաւորենք:
Լիբանանահայութիւնը հոկտեմբեր 2019-էն սկսեալ աննախընթաց ճգնաժամի մէջ էր: Տնտեսական, քաղաքական, ընկերային, ազգային, առողջապահական եւ ապահովական մարտահրաւէրներու դիմաց ապրելու եւ տոկալու ճիգի մէջ էր: Անշուշտ «Քորոնա» ժահրի տագնապը եւ 4 օգոստոսին նաւահանգիստի պայթումն ալ ամբողջ Պէյրութը վերածելով աղէտի գօտիի` այսօր աւելի ծանր եւ ճնշիչ մթնոլորտ մը կը պարզուի ամէնուրեք:
Այս ահաւոր պայմաններուն մէջ կը դիմաւորենք վերամուտը:
Վերամուտ մը, որ ո՛չ զանգ ունի, ո՛չ ալ ուրախութիւն:
Վերամուտ մը, ուր ո՛չ աշակերտութեան յստակ թիւ կայ եւ ո՛չ ալ աշխատելու ձեւի եղանակ ճշդուած է:
Վերամուտ մը, որուն ընթացքին ծնողները գիրք գնելու դժուարութիւն ունին եւ ոչ թէ կրթաթոշակ վճարելու:
Վերամուտ մը, որուն սկիզբը գիտենք, բայց աւարտը յայտնի չէ քանի դպրոցական օրով պիտի փակենք առցանց թէ նստարաններու ետին:
Վերամուտ մը, ուր իւրաքանչիւր ուսուցիչ քառապատիկ զոհողութիւններով թէ՛ գիտելիք պիտի փոխանցէ եւ թէ՛ յոյս` գալիք սերունդներուն: Դժբախտաբար այս է այսօրուան իրականութիւնը:
Հայ դպրոցը գոյութեան եւ շարունակականութեան հարց ունի:
Հայ ընտանիքը արժանապատիւ կեանք մը ապրելու տենչը ունի:
Հայ եկեղեցին հոգիները աւելի ազնուացնելու եւ հաւատքը զօրացնելու ճիգին կարիքը ունի:
Լիբանանահայութիւնը ոտքի մնալու եւ դէպի յառաջ երթալու ու կամքը զօրացնելու անհրաժեշտութիւնը ունի:
Վերամուտը առանց զանգի է այս տարի:
Վստահաբար խարխափումի, մտահոգութիւններու, անորոշութեան եւ տագնապի հոգը բոլորիս մէջ կը գտնուի: Վստահաբար տեղ մը իւրաքանչիւրս կքած ենք դժուարութիւններու ալիքին դիմաց:
Նոյն նաւուն մէջ բոլորս միասին գտնուելու զգացումը արդէն ամէն մարդ սկսած է զգալ եւ կը զգայ:
Թէեւ ուշ է, բայց վնաս չունի, կարեւորը նաւը հանդարտ ափ հասցնելու հաւաքական կամքը կայ:
Կարեւորը նաւուն օգնութեան հասնող բարի կամեցողութիւն ունեցողներ կան:
Ամէնէն կարեւորը եւ ամէնէն անհրաժեշտը այն է, որ իւրաքանչիւրս գիտնանք, որ ի՛նչ ձեւով օգտակար կրնանք ըլլալ, որ նաւը չընկղմի: Վստահ եմ, որ տարիներ ետք, գալիք սերունդները այս տխուր վերամուտը պիտի յիշեն եւ իրենց պայծառ օրերու նշանաբան պիտի ընտրեն, որ հաւաքաբար, ձեռք-ձեռքի, կողք-կողքի աշխատանքով միայն կարելի է յաջողութիւններ արձանագրել: Այդպէս պիտի յաղթահարենք դժուարութիւնները:
Անշուշտ ապրելու, մնալու եւ գոյատեւելու կամքը ամէնէն կարեւորն է: Այդ կամքը պէտք է զօրացնենք մեր մէջ:
Ուրիշ լուծումներ չկան: Ամրապնդուինք եւ հաւաքական ճիգով դարձեալ ոտքի կանգնելու ուժը ունենանք բոլորս: