Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եագուպեան «Արմէնփրես»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող զարգացումները հաշուի առնելով` Հայաստան պէտք է աշխուժ կերպով աշխատի արաբական աշխարհին հետ` թէ՛ սեփական շահերը յառաջ տանելու, թէ՛ Թուրքիա-Ազրպէյճան հակաքարոզչութեան հակազդելու համար:
«Ընդհանուր առմամբ, արաբական աշխարհին հետ յարաբերութիւնները սերտացնելու առումով, ըստ ինծի, Հայաստան թերացած է: Ասիկա տարիներ առաջ պէտք է կատարուէր, մանաւանդ որ ատոր համար կար պարարտ հող` այդ երկիրներուն մէջ հայկական համայնքները: Այսօր աւելի քան երբեք Հայաստան զանազան ոլորտներու մէջ իր կապերը պէտք է սերտացնէ արաբական աշխարհին հետ` հակակշռելով Ազրպէյճան-Թուրքիա հակաքարոզչութիւնը», յայտնեց Վերա Եագուպեան: Ան ընդգծեց, որ այսօր այդ տեսանկիւնէն Հայաստան որեւէ արգելք չունի` աւելցնելով, որ վերջերս Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանի այցելութիւն տուաւ Եգիպտոս, ուր ունեցաւ բարձր մակարդակի հանդիպումներ: Այդ այցելութիւնն ու հանդիպումները դրական շեշտադրումով իրենց անդրադարձը գտան արաբական մամուլին մէջ:
«Կը կարծեմ, թէ շրջանին մէջ այս նոր ձեւաւորուող ճակատներուն վրայ Հայաստան պէտք է իր տեղը ունենայ, քաղաքական աշխուժ յարաբերութիւններով կարենայ սերտ կապեր ստեղծել արաբական գլխաւոր ճակատներուն հետ, որպէսզի հակակշռէ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի հակաքարոզչութիւնը», յայտնեց Հայ դատի գործիչը: Ան նշեց, որ ասիկա կարեւոր է, մանաւանդ որ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հակաքարոզչութիւնը կը շարունակուի` ժամանակ առ ժամանակ տարբեր դրսեւորումներ ստանալով: Այժմ ալ ազրպէյճանական մամուլին մէջ շրջանառութեան մէջ դրուած է այն տեղեկութիւնը` իբր թէ Հայաստանը, համագործակցելով քիւրտերուն հետ, վարձկաններ կը բերէ Ազրպէյճանի ուղղութեամբ յարձակումներ կազմակերպելու համար: Վերա Եագուպեանի համաձայն, իրականութեան մէջ նման քայլով փորձ կը կատարուի միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը շեղել այն տեղեկութիւններէն, ըստ որոնց, Թուրքիան բաւական կազմակերպուած աշխատանք տարաւ Սուրիայէն Ազրպէյճան եւ Լիպիա բազմաթիւ ահաբեկիչներ տանելու` խոստանալով դրամական պարգեւ:
«Թուրքիան կ’ընթանայ իր ծաւալապաշտական նկրտումներուն ուղիով` Միջին Արեւելք, արեւելեան Միջերկրական: Թուրքիան որեւէ միջոցի կը դիմէ, որպէսզի շրջանը ապակայունացնէ եւ իր հակառակորդները զբաղեցնէ կողմնակի կռիւներով: Այսպիսով, տարբեր միջոցներով այնպէս կ’ընէ, որ միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը շեղէ իր իրական նպատակներէն», ըսաւ ան: Թուրքիոյ ծաւալապաշտական նկրտումները սանձելու առումով Վերա Եագուպեան մատնանշեց Եգիպտոսի, Յունաստանի, Կիպրոսի, Յորդանանի, Իտալիոյ եւ Իսրայէլի կողմէ շրջանային կազային ձեւաչափ հիմնելու նախաձեռնութիւնը: Ասիկա կը նշանակէ, որ այս պետութիւնները կը պատրաստուին կազմելու հակաթրքական ճակատ` փորձելով սանձել Թուրքիոյ ծաւալապաշտական ախորժակները: