Կեդրոնական դրամատան կողմէ թիւ 151 հրամանագիրի գործադրութեան վերջ տալու որոշումէն ետք, երէկ ուշ երեկոյեան լիբանանեան զանազան շրջաններու մէջ, քաղաքացիներ, ընդվզումի եւ վրդովումի ցոյցեր կատարեցին այդ որոշումին դէմ: Անոնք փակեցին Ժալ Էլ Տիպի մայրուղին երկու ուղղութեամբ, Պէյրութի Նահատակաց հրապարակի ճամբան, Ժիէի մայրուղին երկու ուղղութեամբ եւ դէպի Էշրեֆիէ տանող Պըրժ Ղազալի ճամբան երկու ուղղութեամբ: Աւելի ուշ ցուցարարներուն թիւերը սկսան բարձրանալ Ռինկի կամուրջին վրայ:
Դրամատուներու ելեկտրոնային դրամարկղերուն առջեւ յառաջացան հերթեր` տոլարը 3900 լիբ. ոսկիէն ստանալու: