Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ
ՀՅԴ 33-րդ Ընդհանուր ժողովով թէ՛ ներքին կուսակցական, կազմակերպական, քարոզչական, ռազմավարական ու մարտավարական, եւ թէ արտաքին` Հայաստանի մէջ քաղաքական կեանքի, Արցախի հիմնահարցին համար տարուող աշխատանքներուն, Ջաւախքիա նեցուկ կանգնելու եւ Հայ դատի համասփիւռք գրասենեակներու աշխատանքներուն համար, նոր սկիզբէ աւելի, վերսկսելու նշանը տրուեցաւ:
Այսօր, բոլոր ժամանակներէ աւելի, անհրաժեշտ է, որ Դաշնակցութիւնը իր վերսկսելու նշանները տայ բոլոր մակարդակներու վրայ` ներքին եւ արտաքին: Բոլորս ալ պէտք է համախմբուինք ընտրուած ղեկավարութեան շուրջ` ամրապնդելու եւ զօրացնելու կազմակերպութիւնը` յանուն մեր ժողովուրդին: Նոր Հայաստանի մէջ ամէն անհատ, ամէն քաղաքական ուժ իր ընելիքը պէտք է ունենայ: Ամէն մէկը իր փորձառութիւնը եւ կարողականութիւնը պէտք է դնէ ի սպաս հայրենիքին: Մենք ալ` իբրեւ դաշնակցականներ, ամէն բանէ առաջ մեր բոլոր կարողականութիւնը պէտք է հաւաքենք: Պատնէշները, ներքին եւ արտաքին, վերցնենք: Ընդունելի չընդունելիի կաղապարուած եւ ապսպրուած միտքերը փշրենք: Մանաւանդ էջը դարձնելով` նոր էջ բանալու քաջութիւնը ունենանք:
Վերսկսիլը համակարգչային հասկացողութեան մէջ հին թղթածրարներ կամ հոս-հոն պահուած բջիջները մաքրել է: Այդպէս ալ պէտք է ըլլայ մեր վերսկսիլը: Վերսկսիլը եղողներուն եւ չեղողներուն համար չէ: Ընդհակառակը, եղողները զօրացնելու եւ չեղողները աշխատանքի հրաւիրելու համար է: Վերսկսիլը Հայաստանի եւ համայն հայութեան համար անյետաձգելի անհրաժեշտութիւն է:
Նոր Հայաստանը` իր ազատական (liberal) ձգտումներով: Ազգային ժողովի մեծամասնութիւնը կարիքը ունի ազգային ընկերվար մտածողութեան եւ փորձառութիւն ունեցող ուժի մը, որ արդէն պատրաստ է եւ միշտ ըսած է, որ պատրաստ է իր ներդրումը բերելու հայրենիքի տարբեր բնագաւառներու մէջ, որ միայն կ՛իրականանայ անկեղծ վերսկսումով: