Սէուտական Արաբիոյ եւ Ծոցի երկիրներուն ու Լիբանանի միջեւ ստեղծուած դիւանագիտական տագնապը, որ երկրին կառավարութիւնը զետեղած է այլ փորձանքի մը դիմաց, կը յամենայ, եւ հակառակ անոր որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի իր կեցուածքներուն առաստաղը բարձրացուց, սակայն ան չի միտիր հրաժարիլ, հետեւաբար կառավարութիւնը եւս պիտի չհրաժարի, ո՛չ ալ տեղեկատուութեան նախարար Ժորժ Քըրտահին պիտի հրաժարի, որովհետեւ ան եւ իր դաշնակիցները համոզուած են, թէ անոր հրաժարականի պահանջը չէր տագնապը պատճառողը, հետեւաբար նաեւ հրաժարականը պիտի չըլլայ այդ տագնապին լուծման բանալին:
Քըրտահիի մօտիկ աղբիւրներ հաստատեցին, որ նախարարը պիտի չհրաժարի եւ ան կը սպասէ վարչապետ Միքաթիի հետ հանդիպումի հրաւէրի, որպէսզի իմանայ արաբ եւ օտար պատասխանատուներու կողմէ անոր ներկայացուած կեցուածքները, որոնք կրնան երաշխաւորել, թէ իր հրաժարականը իսկապէս դրական պիտի գնահատուի Ծոցի երկիրներուն կողմէ եւ թէ այդ հրաժարականով կարելի պիտի ըլլայ լուծել Լիբանանի հետ ստեղծուած դիւանագիտական տագնապը:
Միւս կողմէ, վարչապետ Միքաթի երէկ առաւօտեան այցելեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս այն միջոցները, որոնց շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ լուծել Լիբանան-Ծոցի երկիրներ դիւանագիտական տագնապը:
Հանդիպումէն ետք Միքաթի յայտնեց, որ ինք պիտի ուղղուի վարչապետարան, ուր մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին պիտի յայտարարէ նախագահ Աունի հետ համաձայնեցուած ուղեգիծը:
Կէսօրին Միքաթի վարչապետարանէն յայտարարեց, որ կառավարութեան կազմութեան վայրկեանէն սկսեալ իրենք հաստատած են, որ պիտի մեկնարկեն Լիբանանի վերականգնումի ու երեսփոխանական ընտրութիւնները կայացնելու ծրագիրները:
Ան ընդգծեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները կարեւորագոյն իրադարձութիւն կը նկատուին Լիբանանի համար եւ անոնք պիտի կատարուին սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին:
«Եւ որովհետեւ կը հաւատանք, որ փրկութիւնը անհատական պատասխանատուութիւն չէ, այլ բոլոր լիբանանցիներուն պատասխանատուութիւնն է, հետեւաբար այս յայտարարութիւնը կը նկատենք կոչ մը` ուղղուած բոլոր անոնց, որոնք մաս կը կազմեն կառավարութեան կամ կը գտնուին կառավարութենէն դուրս», ըսաւ ան:
Վարչապետ Միքաթի հաստատեց, որ նախարարաց խորհուրդը ոչ մէկ ձեւով պիտի միջամտէ դատական իշխանութիւններու աշխատանքին: «Մենք ամէն ջանք ի գործ դրինք, որ Պէյրութի նաւահանգիստին պայթումը մնայ դատական իշխանութիւններուն պատասխանատուութեան շրջագիծին մէջ, ինչպէս նաեւ փորձեցինք սրբագրել հետաքննիչ դատաւորին ընթացքը` նախագահներ եւ նախարարներ դատավարութեան հրաւիրելու հարցով, սակայն ոչինչ կարելի եղաւ փոխել այդ իմաստով», յայտնեց վարչապետ Միքաթի:
Ան շեշտեց, որ կառավարութիւնը շատ աւելի դժուար պայմաններ դիմագրաւած է` տեղեկատուութեան նախարար Ժորժ Քըրտահիի կատարած անձնական յայտարարութիւններէն ետք, երբ ան նախարարի պատասխանատուութիւն չէր ստանձնած:
«Պէտք է համոզուիլ, որ երկրին կարելի չէ տէր կանգնիլ մրցակցութեան եւ մեծամտութեան ոճով, եւ չարաչար կը սխալի ան, որ կը կարծէ, թէ կարողութիւնը ունի իր կարծիքը պարտադրելու` աշխատանքները խոչընդոտելով եւ ամպիոններուն վրայ յայտարարութիւններ կատարելով, կամ ալ սահմանադրութեան հակադրուելով: Հոս կ՛ուզեմ հաստատել, որ կառավարութիւնը յարմարագոյն վայրն է քննարկելու համար բոլոր մարտահրաւէրները: Կառավարութիւնը պիտի չըլլայ վայր մը, ուր պիտի քննարկուին դատական իշխանութիւններուն վերաբերող հարցեր, իսկ նախարարները պէտք է յանձնառու մնան նախարարաց խորհուրդին մշակած աշխատանքային ծրագիրին», ըսաւ ան:
Վարչապետ Միքաթի ընդգծեց, որ ինք պատրաստ է ամէն իմաստով եւ խաղաղ միջոցներով լուծելու Ծոցի երկիրներուն եւ Սէուտական Արաբիոյ հետ ստեղծուած տագնապը` աւելցնելով, որ այդ շրջագիծին մէջ ինք վերստին կոչ կ՛ուղղէ տեղեկատուութեան նախարարին, որ ազգային իր գիտակցութեամբ որդեգրէ այն կեցուածքը, որ պէտք է որդեգրել, եւ գերադասէ ազգային ու լիբանանցիներուն շահերը: «Մագլցումը լուծում չի կրնար ապահովել, եւ չկայ քաղաքական ուժ մը, որ կրնայ առանձինն ներկայացնել ժողովուրդը: Մենք բոլորս կ՛որոշենք, թէ ինչպէ՛ս կարելի է կառչած մնալ ազգային սկզբունքներուն», հաստատեց ան:
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի կոչ ուղղեց բաց սրտով դիմելու արաբ եղբայրներուն եւ վերահաստատելու խզուած կապերը: Ան ըսաւ, որ յառաջիկայ օրերուն պիտի գումարուին շարք մը վճռական հանդիպումներ: «Կոչ կ՛ուղղեմ բոլորիդ վեր բարձրանալու տարակարծութիւններէն եւ լծուելու արդիւնաւէտ աշխատանքի», յայտնեց ան:
Պըրրիի Մօտ
Ապա վարչապետ Միքաթի ուղղուեցաւ Այն Թինէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ: Ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Պըրրիի քաղաքական հարցերու խորհրդատու, երեսփոխան Ալի Հասան Խալիլ:
Հանդիպումէն ետք Միքաթի մեկնեցաւ առանց յայտարարութիւն կատարելու:
Պըրրիի այցելեց նաեւ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ապտալլա Պու Հապիպ, որ իր կարգին մեկնեցաւ առանց մեկնաբանութիւն կատարելու:
Նշենք, որ Պու Հապիպ երէկ նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ ընդունեց գերմանական պատուիրակութիւն մը` նախագահութեամբ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան քաղաքական բաժանմունքի տնօրէն Ֆիլիփ Աքերմանի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան-գերմանական յարաբերութիւնները ամրապնդելու հեռանկարները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ Ծոցի երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական տագնապին վերաբերող հարցեր:
Պու Հապիպ Լիբանանի եւ Ծոցի երկիրներուն միջեւ տագնապը քննարկեց նաեւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիոյի հետ:
ՆՇԵՆՔ, որ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը յայտնեց, որ Լիբանան շրջանի իր բոլոր բարեկամներուն կարիքը ունի` զայն դուրս բերելու համար իր դիմագրաւած տագնապէն: Ան հաստատեց, որ անհրաժեշտ է Լիբանանը հեռու պահել իր դիմագրաւած շրջանային տագնապներէն:
ԻՍԿ Միջազգային դրամական ֆոնտի բանբերը երէկ երեկոյեան «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան հաղորդեց, որ ֆոնտին կողմէ Լիբանանին տրամադրուելիք նիւթական հաւանական օժանդակութեան մը շուրջ նախապատրաստութիւնները սկսած են: