«Կարելի չէ հաւանութիւն տալ առանց փոխադարձ յանձնառութեան», յայտնեց իրանցի փորձագէտ Իմատ Ապիշնաս երէկ` չորեքշաբթի, 1 դեկտեմբերին բրիտանական «Պի.Պի.Սի.» լրատուական կայանի արաբերէն բաժինին: Ան նշեց, որ Իրան Վիեննայի բանակցութիւններուն կը մասնակցի հիմնականին մէջ պահանջելով Իրանի դէմ տնօրինուած պատժամիջոցներու վերացումը: Իրանցի բարձրաստիճան պատասխանատու մը հերքեց, թէ նախատեսուող համաձայնագիրին 70-80 առ հարիւրը բանաձեւուած է` նշելով, որ տակաւին պատժամիջոցներու հարցը չէ յստակացած, իսկ Իրան հիմնականին մէջ կը պահանջէ իր դէմ տնօրինուած պատժամիջոցներու վերացումը: Ցարդ քննարկումները կ՛ընթանան համաձայնագիրի կիրարկման թեքնիք քայլերուն շուրջ:
Միւս կողմէ, Սպիտակ տան բանբեր Ճէյն Փսաքի յայտնեց, որ «դիւանագիտութիւնը լաւագոյն մօտեցումն է Իրանի հետ բանակցութեան մեր կեցուածքին»:
Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն Լաթվիոյ մէջ գումարուած ՕԹԱՆ-ի արտաքին գործոց նախարարներու համաժողովի լուսանցքին խորհրդակցութիւններ ունեցաւ Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ իր պաշտօնակիցներուն հետ. խօսակցութեանց առանցքները կազմեցին Վիեննայի ժողովին Իրանի հիւլէական թղթածրարին շուրջ բանակցութիւնները եւ այլ հրատապ հարցեր:
Միւս կողմէ, արեւմտեան պատկան շրջանակներ մտավախութիւն յայտնեցին, որէ Իրան սկսած է քսան առ հարիւր համեմատութեամբ հարստացնել իւրանիոմը:
Նոյն ծիրին մէջ Իրանի հակադրուող կողմեր կը մտադրեն տնտեսական պատժամիջոցներ տնօրինել եւ արգելակել իրանեան անօդաչու թռչող սարքերու գործունէութիւնը: