Աւստրիոյ մայրաքաղաք Վիեննայի մէջ սկսաւ Աթոմական Ուժանիւթի Միջազգային Գործակալութեան գլխաւոր խորհրդաժողովը: 159 երկիրներ յաջորդական հինգ օրերու ընթացքին պիտի քննարկեն ուժանիւթային անվտանգութեան զարգացմանը, աթոմական դաշտի մէջ գիտական հետազօտութիւններու առնչուող հարցեր: Խորհրդաժողովը պիտի աւարտի 20 Սեպտեմբերին:
Խորհրդաժողովի մասնակիցները Եուքիա Ամանօն վերընտրեցին կազմակերպութեան գլխաւոր տնօրէն: Ճափոնցի դիւանագէտ Ամանօ, 2009-ին ընտրուեցաւ Աթոմական Ուժանիւթի Միջազգային Կազմակերպութեան տնօրէն: